Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոց, Ետիգուլէ։

Հասցէ
(Zakirbaşı sok. No. 32, 34021 Kazlıçeşme)
Հեռ.՝ (0212) 510-8052 (9 գիծ), (0212) 510-7374, (0212) 582-5050 (5 գիծ)
Ֆաքս՝ (0212) 558-1584
Ել-նամակ՝ info@surppirgic.com
Կայքէջ՝ http://www.surppirgic.com

Մեծագոյն մարդասիրական հաստատութիւնն է Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցը, որ հիմնուած է 1832ին, բացումը կատարուած է 1834 մայիս 31ին ձեռամբ օրուան Պատրիարք Ստեփան Աղաւնի Զաքարեանին։ Հիմնադիրն է Յարութիւն Ամիրա Պեզճեան։ Ազգային բարերարներ՝ Միքայէլ Ամիրա Փիշմիշեան, Կարապետ Ամիրա Պալեան, Յովհաննէս Ամիրա Տատեան, Կիւլպէնկեաններ եւ բազմաթիւ ուրիշներ, որոնք իրենց իշխանական նուիրատուութիւններով բարեզարդ պահած եւ տարուէ տարի նոր շէնքերով ու յաւելումներով օժտած են զայն։ Սկզբնական շրջանին մի միայն յիմարները պատսպարելու նպատակը յետապնդուած է։ Միքայէլ Յակոբեան 1904 թուականին կը ծրագրէ հիւանդանոցը նորի մը հետ փոխարինել եւ այս նպատակով ճարտարապետ Գէորգ Ասլանեանի պատրաստած յատակագիծը, կարճ ժամանակի մէջ (1906) ներկայ հոյակապ կառոյցը մէջտեղ կը հանէ երեք բաժիններով՝ Յակոբեան, Կիւլպէնկեան եւ Ունճեան բարերարներու անուններով որոնց բացումը կը կատարուի Մաղաքիա Օրմանեան Պատրիարքի ձեռամբ։

Հիւանդանոցը 1832էն մինչեւ 1848 թուական հայ բժիշկ չէ ունեցած։ Թերեւս ալ այդ շրջանին բժիշկներ չկային։ Ուստի կառավարուած է Յոյն եւ Իտալացի բժիշկներով։ Առաջին հայ բժիշկը եղած է Տոքթոր Յակոբ Պէյ Յովհաննէսեան։ Ներկայիս հիւանդանոցը կը կառավարուի համայնքային ընտրութեամբ պաշտօնի կոչուած հոգաբարձուներու կազմով։

Քարտէս