ԱՔ ՓԱՐԹԻ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿՂԶԵԱՑ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

AKP Adalar ԱՔ ՓԱՐԹԻ Կուսակցութեան Կղզեաց շրջանային նախագահ՝ Իսմաիլ Հաքքը Տուրմուշ 11 Փետրուար 2015, Չորեքշաբթի յետ միջօրէի  քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Յարգարժջան հիւրին կþընկերանային նոյն կուսակցութեան արտաքին յարաբերութեանց գործոց պատասխանատու Նիկար Եըլտըրըմ, Կղզեաց Շրջանային Վարչութեան Կանանց Յանձնախումբի նախագահ Քարին Քարաքաշ, Կղզեաց Քաղաքապետական Ժողովի անդամ Հայրապետ Թօփլայըճը, Սկիւտարի Շրջանային Վարչութեան արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Հրանդ Թէրզեան։  Յարգարժան հիւրը, յանուն պատուիրակութեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ընդունելութեան համար։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Յարգարժան Տուրմուշի նոր պաշտօնը եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց ցուցաբերուած փափկանկատութեան համար ու յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայի քաղաքական գործունէութեանց մէջ։

AKP Adalar