ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՅՕԳՈՒՏ ՔԵՍԱՊԱՀԱՅՈՑ

Kategori: Համայնքային

kesap resim sergisiՄարմարա Օրաթերթի Փոխ-Խմբագրապետ Մաքրուհի Պ. Յակոբեան եւ Փարոս Ամսաթերթի Խմբագրապետուհի Մայտա Սարիս, 9 Ապրիլ 2014, Չորեքշաբթի, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուրդ Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Անոնք կը փափաքէին Քեսապահայերու ի նպաստ ցուցահանէս մը կազմակերպել ու հասոյթը տրամադրել Քեսապահայերու։ Առաջին հերթին, անոնք կապ պիտի հաստատէին Ստանպուլահայ արուեստագէտներու հետ, որպէսզի ցուցադրութեան համար նուիրէին իրենց գործերը։ Իսկ, 9 Մայիս 2014, Ուրբաթ, Պատրիարքարանի մէջ ստեղծագորթութեանց ցուցահանդէսի բացումը պիտի կատարուէր։ Անոնք, կը յուսային որ արուեստասէր հասարակութիւնը, թէ՛ պիտի գնահատէր աշխատանքները եւ թէ՛ պիտի օժանդակէր Քեսապահայերուն։

Նորին Սրբազնութիւնը գնահատեց սոյն ծրագիրը եւ կարողութիւն մաղթեց կազմակերպիչներուն։