ԿԷՎԱՇԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

Gevas Belediye BaskaniԿէվաշի քաղաքապետ Սինան Հաքան, 17 Յունուար 2015, Շաբաթ, ժամը 11.00ին, փափկավարական այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Յարգելի քաղաքապետը փափաքած էր հանդիպում ունենալ Արամ Արքեպս.ի հետ, Սեպտեմբեր ամսուայ մէջ Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ կատարելի Ս. Պատարագի արարողութեան կապակցութեամբ։ Ան, յայտնեց թէ, քաղաքապետութիւնը պատրաստական աշխատաններուն այժմէն սկսած էր, որպէսզի լաւապէս  հիւրընկալուէին այցելու հոգեւորականներն ու ուխտաւորները։ Ի միջի այլոց, Սինան Հաքան, փոխանցեց ծրագիր մը, որուն նպատակն էր աւելի ճոխացնել այս տարուայ տօնախմբութիւնը։ Այսուհետեւ, քաղաքապետութիւնը կը փափաքէր հիւրընկալել զոյգեր, որոնք Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ պսակուիլ կը փափաքէին։ Ան, առաջարկեց որ Ս. Պատարագի աւարտին սոյն զոյգերու համար կատարուէր Ս. Պսակի խորհրդակատարութիւն։ Քաղաքապետութիւնը յանձն առած էր զոյգերու ճանապարհի եւ կեցութեան ծախսերը։

Արամ Արք. ողջունեց յարգելի քաղաքապետի ներկայութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած հետաքրքրութեան համար։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին, Սբրազան Հարը վստահութիւն յայտնեց թէ հետեւեալ օրերուն աւելի մանրամասնօրէն պիտի քննարկուէր ուխտագնացութեան աշխատանքներն ու ծրագիրները։ Այցելութեան աւարտին յարգելի հիւրը շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբազնութեան ու մեկնեցաւ գոհ տպաւորութեամբ։