ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ Ի ՊԱՏԻՒ ՏՔԹ. ԲԱԲԳԷՆ ԱՐԱՐՔՑԵԱՆԻ

Kategori: Համայնքային

99Պոլսահայ համայնքը Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի առաջին Նախագահ Փրոֆ. Տքթ. Բաբգէն Արարքցեանի ի պատիւ համայնքային ընդունելութիւն մը սարքեց Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Մատրան բակին մէջ, 1 Յուլիս Ուրբաթ ժամը 18.30-ին, նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր։

Ներկայ էին Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Տիրայր Արքեպս. Մարտիկեան, Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան մօտ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ՝ Կարէն Միրզոյեան, Հոգշ. Հ. Թաթուլ Աբղ. Անուշեան, Գերյ. Հ. Ճոն Ուըլի, Պուլկարահայ Թեմական Խորհուրդի փոխ-Ատենապետ՝ Եղիազար Ուզունեան, համայնքային հինգ հաստատութիւններու խնամակալները, հոգաբարձուներ, թաղային խորհուրդներու անդամներ, բարերարներ։

Հիւրերը դիմաւորուեցան Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան այժմու ատենապետ՝ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ նախկին ատենապետ՝ Սեդրաք Թոքատի ու Հոգաբարձութեան անդամներուն կողմէ։ Հիւրերը նախ հիւանդանոցի մասին ծանօթութիւններ ստացան, ապա այցելեցին Ս. Փրկիչ Մատուռը։ Ապա մատրան բակին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն բացումն ըրաւ Պետրոս Շիրինօղլու։ Հոգաբարձութեան ատենապետն իր հակիրճ ուղերձով ուրախութիւն յայտնեց որ հիւրերը Հիւանդանոց կ՚այցելէին եւ բարեմաղթութիւններ ըրաւ անոնց Վան կատարելիք շրջագայութեան համար։

Տքթ. Բաբգէն Արարքցեանի Պոլիս այցելութիւնը կը կազմակերպուէր Ժամանակ օրաթերթի խմբագրապետ Արա Գօչունեանի կողմէ, որ իր հերթին խօսք առաւ յիշեցնելով Տքթ. Արարքցեանի քաղաքագէտ մարդու դիմագծութիւնը։

ՏՔԹ. ԱՐԱՐՔՑԵԱՆԻ ՈՒՂԵՐՁԸ
Տքթ. Բաբգէն Արարքցեան իր ուղերձին մէջ յայտնեց, որ ինք ծագումով վանեցի է ու միշտ փափաք ունեցած է այցելել իր պապերու քաղաքը։ Ուստի իր ընտանիքի անդամներուն եւ Ջրպաշեան ամոլին հետ եկած է շրջելու համար պատմական Վան քաղաքն ու շրջակայքը։

Տքթ. Արարքցեան ըսաւ որ պատմութիւնը կարեւոր է, սակայն անցեալի դառն յուշերը լացուկոծի տեղ ապրելու, զարգանալու եւ ստեղծելու ցանկութիւն պէտք է յառաջացնեն մեր մէջ։ Պոլսահայ համայնքը ապացոյց է որ այդ կարելի բան է։

Պատուարժան հիւրը շարունակեց իր խօսքը ըսելով որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ որակաւոր յարաբերութիւններ պէտք է հաստատուին եւ սահմանները պէտք է բացուին։ Այսօր քաղաքական գետնի վրայ արձանագրուած են այնպիսի զարգացումներ, որոնք աներեւակայելի էին 40 կամ 30 կամ մինչեւ իսկ 10 տարիներ առաջ։ Ուրեմն կրնանք յուսալ որ մօտիկ ապագային նոր զարգացումներ կ՚արձանագրուին յարաբերութիւններու մէջ։

100ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՈՒՂԵՐՁԸ
Հուսկ, արտայայտուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ ողջունեց Արարքցեան եւ Ջրպաշեան ամոլները եւ ըսաւ որ պոլսահայ համայնքը ուշի ուշով կը հետեւի Հայաստանի զարգացումներուն։

«Բոլորս ալ տեղեակ ենք որ դուք եւ ձեր ընկերները ինչպիսի երախտաշատ աշխատանք տարիք նորանկախ Հայաստանի ամենէն բախտորոշ օրերուն¦ ըսաւ Նորին Ամենապատուութիւնը, §այսօր ազատ ու անկախ Հայաստան մը կայ եւ ասիկա բնականաբար պատճառ դարձաւ որ շատ բաներ փոխուին տարածքաշրջանին մէջ։ Այսօր գոհ ենք, որ շաբաթը չորս թռիչքներ կան Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ, եւ գրեթէ բոլոր չուերթները լեցուած են ճամբորդներով։ Ուրեմն երթեւեկը աշխուժացած է։ Մամուլին եւ հեռուստակայաններուն շնորհիւ, պոլսահայութիւնը մօտէն կը հետեւի նաեւ Հայաստանի անցուդարձերուն։ Եթէ յայտարարուած թիւը ճիշդ է, այսօր շուրջ 30,000 հայաստանի քաղաքացիներ աշխատելու համար Թուրքիա կը գտնուին»։

Նորին Ամենապատուութիւնը աւելցուց, որ այլեւս ամէն մարդ անհամբերութեամբ կը սպասէ Հայաստան-Թուրքիա սահմանին բացուելուն, որ անտարակոյս փոխ-շահաւէտ կրնայ դառնալ  եւ բազմապիսի օգուտներ կ՚ընձեռէ բոլոր կողմերուն։

Փոխանակուեցան նաեւ նուէրներ։ Պոլսահայ համայնքի անունով Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արծաթեայ յուշապնակ մը նուիրեց Տքթ. Արարքցեանին։ Իր հերթին, Տքթ. Արարքցեանն ալ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան նուիրեց Հայաստանի քանդակագործութեան որպէս նմոյշ գեղեցիկ փայտեայ պտղաման մը։

Այնուհետեւ հրաւիրեալները սեղաններու շուրջ համախմբուեցան եւ զրուցեցին հիւրերուն հետ։