ՄԻԱՑԵԱԼ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

uskudar koroՍկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Միացեալ Դպրաց Դաս Երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ դասուն նախագահ Արժ. Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեանի, 30 Դեկտեմբեր 2014, Երեքշաբթի, ժամը 10.30-ին այցելեցին Պատրիրարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Միացեալ Դպրաց Դաս Երգչախումբի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ կը պատրաստուին տօնախմբել Դպրաց Դասու 304, իսկ  երգախումբի կազմութեան 100 ամեակները։ Այս առթիւ  տեղի պիտի ունենան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններ։ 25 Յունուար 2015, Կիրակի առաւօտ Ս. Պատարագի մատուցմամբ պիտի յիշատակուին դպրաց դասու հանգուցեալ նախագահները, դպրապետները, վարիչնեը եւ անդամները։ Անոնք, եկած էին խնդրելու Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։ Տեղեկութիւններ տուին նաեւ դպրաց դասու աշխատանքներուն մասին։

Նորին Սրբազնութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար։ Այժմէն շնորհաւորեց մօտալուտ տարեդարձը եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց Միացեալ Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներուն։