Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Եուսուֆ Սաղ, ընկերակցութեամբ Օրհան Քհնյ. Չանլըի, 16 Յունուար 2017, Երկուշաբթի, ժամը 16.00-ին Պատրիարքարան այցելեց եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Ներկայ էր նաեւ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։
Մոնս. Մաղ, Արամ Արքեպս.ի անձին մէջ շնորհաւորեց Հայ Համայնքի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տաղաւարը։ Նորին Սրբազնութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական այս այցելութեան համար եւ փոխադարձաբար շնորհաւորեց Ասորի Կաթոլիկ Համայնքի Ս. Ծննդեան Տաղաւարը։