ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՄԷՍՈՒՏ ԵԸԼՄԱԶԻՆ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր,Միջկրօնական

26165877_879282538898297_6312733051087043908_nՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 26 Դեկտեմբեր 2017, Երեքշաբթի, յետ միջօրէին, նախկին վարչապետներէն Մէսուտ Եըլմազը այցելեց իր բնակարանին մէջ։ Նորին Սրբազնութեան կ՚ընկերանային Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերշ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, Արշակ Փոլատ եւ Լոյս Երկշաբաթաթերթի խմբագրապետ Շահնուր Գազանճըն։ Սրբազան Հայրը, յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ եւ համայնքային մարմիններու ցաւակցութիւն յայտնեց Մէսուտ Եըլմազին եւ Եըլմազ ընտանիքի անդամներուն, իրենց որդւոյն մահուան առթիւ։ Եըլմազ ընտանիքը, իրենց կարգին շնորհակալութիւն յայտնեցին Տեղապահ Սրբազան Հօր գլախաւորութեամբ կատարուած ցաւակցական այցելութեան համար եւ փոխանցեցին իրենց բարեմաղթութիւնները։