ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԾՆՈՒՆԴ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկէլեանի, 4 Նոյեմբեր 2014, Երեքշաբթի, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Պաքըրգիւղի Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը այս տարի պիտի կատարուէր 9 Նոյեմբեր 2014, Կիրակի առաւօտ, ապա պիտի սարքուէր սիրոյ սեղան ի նպաստ Պաքըրգիւղի Եկեղեցւոյ եւ Տատեան Վարժարանին։ Այցելուները, օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին նաեւ եկեղեցւոյ եւ վարժարանի մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը ցաւ յայտնեց որ ինք նոյն օրը պիտի գտնուէր Հայաստան, այս պատճառաւ ներկայ պիտի չկարենար գտնուիլ Պաքըրգիւղի մատաղօրհնութեան։ Յամենայն դէպս, Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան պիտի նախագահէր կրօնական ու աշխարհիկ հանդիսութեանց։ Նորին Սրբազնութիւնը, անդրադարձաւ թէ եկեղեցին ունեցած էր նոր երէց մը՝ յանձին Տէր Յուսիկ Քահանայ Հօր եւ թաղային Խորհուրդի անդամներուն թելադրեց իրեն գործակցիլ ի փառս եկեղեցւոյ եւ վարժարանին։ Սրբազան Հայրը, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ երէցին եւ Թաղային Խորհուրդի անդամներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։