ՊՕՄՕՆԹԻԻ ՎԵՆԵՏԻԿԵԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային,Միջեկեղեցական

Պօմօնթիի Վենետիկեան Մխիթարեան Վարժարանի ներկայացուցիչներ, գլխաւորութեամբ Մատակարար Մարմնի Ատենապետուհի Ռիթա Նուրնուրի, 3 Մայիս 2018, Հինգշաբթի, ժամը 11.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Այցելուներու շարքին էին՝ Վարժարանի Հիմնադրի ներկայացուցիչ ու տնօրէն՝ Գարեգին Պարսամեան, Միութեան Պատուոյ Նախագահ՝ Թագուհի Մատաթեան, Տիկնանց Յանձնախումբի անդամուհիներ՝ Անի Քարաքէլլէ եւ Մանիշակ Ույկունօղլու։

BOMONTI MHITARYAN

Այցելութեան նպատակն էր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը հրաւիրել Մխիթար Աբբահօր կիսանդրիի բացման հանդէսին, որ պիտի կայանար 21 Մայիս 2018 թուականին Վարժարանի բակին մէջ։

 

Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն հրաւէրին համար, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։