ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Uncategorized

ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ

 

Սկիւտարի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը մեծահանդէս արարողութիւններով կատարուեցաւ 28 Յուլիս 2019, Պայծառակերպութեան Տաղաւարին։

Տօնական արարողութեանց նախահահեց, օրուան Ս. Պատարագը մատուցանեց եւ քարոզեց՝ Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Ս. Պատարագին ներկայ էր՝ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան, Բրշ. Գրիգոր Սրկ. Քիւչիւքիւթիւճիւ եւ Բրշ. Արշաւիր Սրկ. Պիւյիւքիշման, ինչպէս նաեւ այլ թաղերէ ժամանած ուխտաւորներ։

 

Սրբազան Հայրը, ժամը 10.30-ին եկեղեցւոյ խորհրդարանէն «Խորհուրդ Խորին» շարականի երգեցողութեամբ ու զանգակներու ղօղանջով փառաշուք թափորով ուղղուեցաւ դէպի Տաճար, առընթերակայութեամբ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներ՝ առաջնորդութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Արտէն Գարիպեանի կատարեցին արարողութեան երգեցողութիւնները։ Սուրբ Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ կը տիրէր տաղաւարի ու անուան տօնախմբութեան արտասովոր ցնծութիւնը։

2019 SURP GARABED 1

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Տեղապահ Սրբազան Հայրը քարոզեց, ու բացատրեց Պայծառակերպութեան Տաղաւարին հոգեւոր եւ բարոյական կարեւորութիւնը։ Մասնաւորապէս շեշտեց թէ՝ Քրիստոս Աստուածային փառքով կը յայտնուէր Թափոր Լերան վրայ, որուն որպէս հետեւանք աշակերտներ հիացումով կը դիտէին իրենց վարդապետը։ Յիշեցուց թէ՝ Քրիստէնական հաւատքին հիմը կը հանդիսանայ Քրիստոսի Աստուածութիւնը։ Հաւատացեալները հրաւիրեց, Վարդավառի խորհուրդին Քրիստոնէական իմաստին թափանցելու։ Այլակերպութեան բառին նշանակութիւնը եւս մեկնաբանելու, յիշեցուց թէ մենք եւս պէտք է այլափոխուինք, եւ դէպի բարիին ու կատարեալին, տարբեր գործեր կատարենք։ Մենք եւս մեր մէջ ունինք Աստուածային լոյսը եւ Քրիստոս կը թելադրէ մեզ թափանցելու այս խորհուրդին։

 

Սրբազան Հայրը, իր խօսքերու աւարտին ըսաւ թէ՝ Աստուած մեր մօտ կը փափաքի տեսնել, ծառայելու կամքը։ Իւրաքանչիւր անձ որ Աստուծոյ կը ծառայէ, կը կատարէ այս պատուիրանը։ Քրիստոսի ամենէն մեծ դասերէն մին էր այս մէկը՝ ուղղեալ առաքեալներուն եւ անոնց ճամբով ընդմիշտ շեշտեց այս պատուիրանը։ Այնուհետեւ Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ անուան տօնին առթիւ, գնահատեց եկեղեցւոյ բոլոր հոգեւոր եւ աշխարհական սպասաւորները, որոնք իրենց ներդրումը կը բերեն եկեղեցւոյ պայծառութեանը համար։ Ապա՝ յայտարարեց թէ՝ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ երիտասարդ սպասաւորներէն միոյն՝ յանձին Բրկ. Արի Դպ. Էօզտէրի պիտի շնորհէ ուրար կրելու արտօնութիւն, նկատի ունենալով իր հաւատարիմ եկեղեցանուէր ծառայութիւնը։ Սրբազան Հայրը, երիտասարդ սպասաւորին ձախ ուսին վրայ զետեղեց, ծառայութեան խորհրդանշան ուրարը, պահպանիչ աղօթքով օրհնեց զայն ու խրատեց նոյն ձեւով եկեղեցւոյ ծառայել։

2019 SURP GARABED 2

Ս. Պատարագի աւարտին մատաղօրհնութիւն կատարուեցաւ, որուն աւարտին հանդիսաւոր թափորով Պատարագիչ Սրբազան Հայրը «Որ զշնորհս» շարականի երգեցողութեամբ, առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ բակը։ Այստեղ կատարուեցաւ Անդաստանի արարողութիւն, որուն «Ամէն, ալէլուիա»ներով միացան ներկայ բոլոր հաւատացեալները։ Արարողութեան աւարտին, Սրբազան հայրը, ըստ հնաւանդ սովորութեան, արձակեց աղաւնիներ ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց ներկաներուն կենաց խաղաղութեանը համար։

2019 uskudar surp garabed 3

Վերջին օրհնութենէն ետք ներկաներ, եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ մասնակցեցան սիրոյ սեղանին։ Ընթերցուեցաւ Թաղային Խորհուրդի տարեկան տեղեկագիրը եւ եկեղեցւոյ բազմամեայ սպասաւորներուն՝ Սարգիս եւ Շահանիկ Ռէիզեան ամոլին, Սրբազան Հօր ձեռամբ նուիրուեցան յուշապնակներ։ Տեղապահ Սրբազան Հայրը, հուսկ բանքը կատարեց եւ անգամ մը եւս գովասանքով արտայայտուեցաւ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աշխատութեան համար։ Բոլոր վարիչներուն, յարակից մարմիններուն եւ սպասաւորներուն մաղթեց կարողութիւն եւ յաջողութիւն։