Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՏԱՂԱՒԱՐԸ ՎԱՔԸՖԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Կրօնական,Համայնքային

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան ուղեկցութեամբ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեանի 10 Օգոստոս 2018, Ուրբաթ առաւօտ մեկնեցաւ Անտիոք, ուր օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ դիմաւորուեցաւ Անտիոքի եւ շրջակայից Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի, Իսկէնտէրունի Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Կարպիս Քըսատուրի եւ Վաքըֆգիւղի Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Ճէմ Չափարի կողմէ։ Ապա, Նորին Սրբազնութիւնը օդակայանէն առաջնորդուեցաւ դէպի Վաքըֆգիւղ, ուր իջեւանեցաւ նորակառոյց Մեսրոպ Պատրիարք Կեդրոնին մէջ։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան 11 Օգոստոս 2018, Շաբաթ ժամը 13.00-ին ուղեկցութեամբ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեանի, Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի, Վաքըֆգիւղի Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Ճէմ Չափարի, Վաքըֆգիւղի Թաղապետ Պերճ Գարթունի եւ մեր համայնքային դէմքերէն Միհրան Ուլիկեանի փափկավարական այցելութիւն մը տուաւ Սամանտաղի Գաւառապետ Մուրատ Քիւթիւկի։ Սիրալիր հանդիպման աւարտին յարգելի Գաւառապետը Նորին Սրբազնութեան նուիրեց խոզակներէ պատրաստուած պաստառ մը։

HATAY KAYMAKAM 2

HATAY KAYMAKAM 3

HATAY KAYMAKAM 1

Նոյն իրիկուան տեղի ունեցաւ գիւղի աւանդական խրախճանքը՝ Եկեղեցւոյ համալիրին մէջ։ Ուշ գիշեր վառուեցան հարիսայի կաթսաները։ Սոյն աւանդական խրախճանքը պիտի կրկնուի նաեւ Ստանպուլի մէջ, Գնալը Կղզիի բարձունքին՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, 1 Սեպտեմբեր 2018, Շաբաթ իրիկուան։

Իսկ 12 Օգոստոս 2018, Կիրակի Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը եւ Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնն ու աւանդական «Հարիսա Զատիկը» կատարուեցաւ Ս. Պատարագի մատուցմամբ։ Եկեղեցին կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուած էր հաւատացեալ ժողովուրդի կողմէ։ Հայաստանէն եկած էին երեք խումբեր, Վաքըֆգիւղի հայրենակցական միութեան կազմակերպութեամբ Ստանպուլէն խումբ մը, Մէրսինէն ու այլ մօտակայ շրջաններէն խումբեր, Անտիոքի մերազն ժողովուրդի զաւակներն ու յատկապէս Վաքըֆգիւղի ժողովուրդը։

HATAY PAZMUTYUN

Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան տեղացի եւ ուխտաւոր այցելու դպիրներու կողմէ։ Ի ժամ Ս. Պատարագի Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան դպրութեան չորս աստիճաններ շնորհեց Անտիոքի եկեղեցեաց սպասարկողներ՝ Եուսուֆ Թապաշեանի ու Տաւուտ Սարաճօղլուի։

HATAY 4 ASDICAN 2

Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցան նաեւ Մէրսինի Կաթողիկէ Եկեղեցիէն Հայր Ֆրանսուան ու Ստանպուլի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նախկին վարդապետներէն Հայր Կրէկորիօ։

HATAY BADARAKI AVARD

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցան Կաթսաներուն մէջ եփած հարիսաներուն օրհնութիւնն ու խաղողօրհնէքը, որոնցմէ ներկաներ ճաշակեցին։ Այսպիսով իր աւարտին հասաւ այս տարուան ուխտագնացութիւնը։

 

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը 13 Օգոստոս 2018, Երկուշաբթի երեկոյեան կը վերադառնայ Ստանպուլ։