Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Kategori: Փաստաթուղթեր

198Ինչպէս միշտ, այս տարի եւս Ս. Աստուածածնի Վերափոխումը աւանդական մթնոլորտի մէջ տօնուեցաւ Գնալը Կղզիի բարձունքին վրայ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ։ Այս առթիւ, նախորդ երեկոյեան կատարուեցաւ կ Կիրակամուտքի եւ Հսկումի արարողութիւնները, որոնց հադիսապետեց Կղզեաց հոգեւոր հովիւը՝ Հոգշ. Հ. Թաթուլ Աբեղայ Անուշեան։

Կիրակի առաւօտ, յաւարտ առաւօտեան ժամերգութեան, մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ ձեռամբ, հիւրաբար քաղաքս գտնուող Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի երիցագոյն միաբաններէն Գերշ. Տ. Ներսէս Արքեպս. Պոզապալեանի։ Սրբազան Հօր առընթերակայ էր Հոգշ. Հ. Թաթուլ Աբեղայ, իսկ Ս. Սեղանին սպասարկեցին բարեկրօն ուրարակիր դպիրներ Պերճ Գաբրիէլեան եւ Արթուն Թէքիրօղլու։ Հակառակ տաք եւ խոնաւ եղանակին, եկեղեցին առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուած էր խուռներամ բազմութեամբ, որ երկիւղածութեամբ հետեւեցաւ արարողութեանց։
197Պատարագիչ Սրբազան Հայրը, Տէրունական Աղօթքէն առաջ քարոզեց «Ով գերահրաշ ծաղիկ բուրեալ յԵդեմայ» «Աստուածամօր նուիրուած շարական» բնաբանով։ Սրբազան Հայրը քարոզին մէջ ներկայացուց Աստուածամայրը իբրեւ տիպարներու աղբիւր մը եւ անդրադարձաւ Ս. Կոյս Մարիամի հաւատքին եւ հրաւիրեց ժողովուրդը՝ հետեւելու նոյն հաւատքին։
199Յաւարտ Ս. Պատարագի, Սրբազան Պատարագիչը թափօրով առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ դարաւանդը, ուր կատարուեցաւ բացօթեայ Անդաստան եւ Խաղողօրհնէք, որու աւարտին մօտ հազարաւոր հաւատացեալներ ստացան Թաղային Խորհուրդին կողմէ կանոնաւորութեամբ պատրաստուած խաղողի տուփերը։