ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏՑԻՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Համայնքային

diyarbakır yonetimՏիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ ատենապետ Էրկիւն Այըքի, 27 Օգոստոս 2013, Երեքշաբթի, ժամը 16.30-ին այցելեցին Պատրիարքարան, եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Ներկայ եղան նաեւ Տիգրանակերտցի ազգայիններ։

Ներկաները յայտնեցին թէ, եկեղեցւոյ համալիրին ի հիմանէ վերանորոգութեան աշխատանքները իրականացած էին բարերար ազգայիններու ներդրումով։ Սակայն, տակաւին կը մնար պիւտճէի բաց մը, որուն համար կը ծրագրէին դարձեալ դիմել ժողովուրդին, 17 Նոյեմբեր 2013, Ստանպուլի մէջ սարքելի սիրոյ սեղանով։

Նորին Սրբազնութիւնը իր գնահատանքին առընթեր շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն։ Մաղթեց, որ իրենց աշխատանքը յաջողութեամբ պսակուի։