ՕՀՐԻՏԷՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Uncategorized

 

Օհրիտի Սէն Քլէմէնդ Աստուածաբանական Համալսարանի աշակերտները,  գլխաւորութեամբ իրենց ուսուցիչ Փրօֆ. Մոմչիլօ Փաւլովիչի 12 Ապրիլ 2018, Հինգշաբթի ժամը 11.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

OHRID HAMALSARAN

Հիւրերը յայտնեցին, թէ առաջին անգամ էր, որ ներկայ կը գտնուէին հայկական հաստատութեան կը մէջ եւ ուզեցին ծանօթանալ Պատրիարքական Աթոռոյ եւ Հայ Համայնքի պատմութեան։

 

Անոնք լսեցին Բարձրաշնորհ Սրբազան Հօր բացատրութիւններուն եւ զանազան հարցումներ ուղղեցին։ Ապա երգեցին «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» երգը Սերպերէն լեզուով, շնորհակալութիւն յայտնեցին սոյն առիթին համար ու Նորին Սրբազնութեան նուիրեցին իրենց վարժարանին մասին գրքոյկ մը։

 

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ փոխանցեց Իր օրհնութիւնները, գնահատեց իրենց ընդգրկած ծառայութեան ճանապարհը ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց։