Հրատարակութիւններ:
ԱՅԼՔ

Պատրիարքական Աթոռը, մերազն հաւատացեալներու օգտագործութեան կը տրամադրէ ծիսական նոր գիրք մը՝ «Կանոն Սուրբ Պսակի»։

Անցեալ տարիներուն Աթոռոյս կողմէ լոյս ընծայուած էին Արեւագալի, Խաղաղական, Հանգստեան եւ Ճաշու ժամերգութեանց գրքոյկները։ Ծիսական նման գրքոյկներու շղթային օղակ մը եւս կը բերցուի այս աշխատութեամբ։

Նոր հրատարակուած գրքոյկի մէջ, գրաբար բնագրին առընթեր տեղադրուած է նաեւ աշխարհաբարի թարգմանութիւնը։ Մտածելով ոչ-հայախօս հաւատացեալները, ներմուծուած է բնագրի թրքերէն թարգմանութիւնը, իսկ օտար հրաւիրեալներու արարողութեան հետեւելու դիւրութիւն ընծայելու համար ներմուծուած է նաեւ բնագրի անգլերէն թարգմանութիւնը։

72 էջերէ բաղկացեալ գրքոյկը կը սկսի Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի, յանուն Հրատարակչական Բաժնի գրի առած յառաջաբանով։

Փափաքողներ պիտի կարենան ունենալ, դիմելով Պատրիարքարան, աշխատանքային ժամերուն։