Հրատարակութիւններ:
ԱՐՄԱՇ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Պատրիարքական Աթոռոյս Արմաշ Մատենաշարէն, որպէս ութերորդ հատոր Նոյեմբեր 2013ին լոյս տեսաւ Արմաշական հայրերէն Արտաւազդ Վրդ. Գալէնտէրեանի «Միութենական հարց եւ Շնորհալի» խորագրեալ աւարտաճառը։

Հեղինակը ընծայարանի ուսումէն ետք, գրի կ՚առնէ սոյն աշխատասիրութիւնը, որու աւարտին, կը ստանայ վարդապետական գաւազան կրելու իշխանութիւն։

Գիրքին խորագիրը ինքնին կը բացայայտէ աշխատասիրութեան նիւթն ու նպատակը։ Հոգելոյս Հեղինակը կը ներկայացնէ դարեր առաջ, Փոքր Ասիոյ խորքին, Հռոմկլայի գագաթի կաթողիկոսարանին մէջ տարուած միութենական շարժումին համար տարուած աշխատանքները եւ այդ ուղղութեամբ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի երախտաշատ վաստակը։

Սոյն հատորը կը բաղկանայ 56 էջերէ եւ կ՚ընդգրկէ բացի աշխատասիրութենէն, հեղինակ Հայր Սուրբի նկարը, կենսագրութիւնը, հատորի Մարզուանի (առաջին) տպագրութեան անուանաթերթի նկարը եւ այլն։

Հատորը լոյս կը տեսնէ խմբագրութեամբ՝ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի, իսկ շքեղ կողքը պատրաստուած է Արիս Քարաֆիլի կողմէ։

Սոյն հատորը լոյս տեսաւ Արամ Գամպուրեանի մեկենասութեամբ, ի յիշատակ իր եղբօր՝ Պենոն Գամպուրեանի։