Հրատարակութիւններ:
ԱՐՄԱՇ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ԱՐՄԱՇԱԿԱՆ ՂԵՒՈՆԴ ՎՐԴ. ԴՈՒՐԵԱՆԻ ԱՒԱՐՏԱՃԱՌԸ. «ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ»

Պատրիարքական Աթոռոյս Արմաշ Մատե­նա­շարէն, որպէս տասնեւերրորդ հատոր լոյս տեսաւ Արմաշական հայրերէն Ղեւոնդ Վրդ. Դուրեանի (ապա Արքեպս.) “Մկրտութեան Խորհուրդը” խորագրեալ աւարտաճառը։

Սրբազան Հեղինակը ընծայարանի ուսումէն ետք, գրի կ’առնէ սոյն աշխատասիրութիւնը, որու աւարտին, կը ստանայ վարդապետական գաւազան կրելու իշխանութիւն։

Սոյն հատորը նախապէս լոյս տեսած է 1907ին։ Նկատի առնելով որ սոյն գիրքը մաս կը կազմէ Արմաշական հայ­րե­րու ուսումնասիրական վաստակին, վերստին լոյս կը տեսնէ, որպէս մաս Արմաշ մատենաշարի։

Հատորը կը բաղկանայ 88 էջերէ եւ կ’ընդգրկէ բացի աշխատասիրութենէն, Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի առաջնորդող “Նախաբան”ը, հեղինակ Ղեւոնդ Արքեպս. Դուրեանի կենսագրականը, լուսանկարը, գիրքի առաջին անուանաթերթի նկարը եւ այլն։

Հատորը լոյս կը տեսնէ աշխատասիրութեամբ՝ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի, իսկ շքեղ կողքը պատրաստուած է Արիս Քարաֆիլի կողմէ։

Սոյն հատորը, որ լոյս տեսաւ նախկին Ստանպուլահայ, այժմ Լիոնաբնակ Բրշ. Փրօֆ. Յակոբ Սրկ. Թէրզանի մեկենասութեամբ, ի յիշատակ իր հօր՝ Զարեհի, մօր՝ Սօֆիի եւ քրոջ՝ Սօնայի։

Փափաքողներ կրնան հատորէն ունենալ դիմելով Պատրիարքարան, աշխատանքային ժամերուն։