Հրատարակութիւններ:
ԱՅԼՔ

Գալֆայան Ուխտի Միաբանութեան հաւատարիմ սպասաւորներէն Առաքինազարդ Մայր Հռիփսիմէ Սարկաւագ Սասունեանի կրօնաւորութեան ոսկեայ յոբելեանի առթիւ Պատրիարքական Աթոռոյս կողմէ հրատարակուեցաւ գեղատիպ յուշամատեան մը։

Հատորին մէջ տեղ կը գրաւեն Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր օրհնութեան գիրը, Մայր Հռիփսիմէ Սարկաւագի կենսագրութիւնը, բազմաթիւ հոգեւորականներէ, մտաւորականներէ, իր ծանօթներէն, գործակիցներէն ու բարեկամներէն վկայութիւններ, ինչպէս նաեւ նկարներ։

Սոյն հատորը, որ կը բաղկանայ 21*21.5 սմ. չափերով 80 էջերէ, լոյս կը տեսնէ խմբագրութեամբ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի, իսկ կողքը պատրաստուած է Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի կողմէ։