Հրատարակութիւններ:
ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Պատրիարքական Աթոռոյ պատմական նիւթերու գիրքերէն՝ Յովակիմեան մատենաշարէն լոյս տեսաւ գեղատիպ հատոր մը եւս. «Յուշապատում – Գատըգիւղի անցեալէն պատառիկներ» (Օգոստոս 2012)։

Գիրքը, որ կը բաղկանայ 16.5*23.5 սմ. չափերով 424 էջերէ, հրատարակութեան պատրաստած է Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, իսկ կողքը պատրաստած՝ Գրիգոր Սահակեան։

Գիրքը պատրաստուած է Յովհաննէս Քալֆա Ստեփանեանի 1872-ին գրի առած յուշատետրի հիման վրայ։ Հատորին մէջ ընթերցողը պիտի գտնէ բնագրին առընթեր, Գատըգիւղի անցեալէն անձեր ու դէպքեր։

Սոյն հատորի մեկենասութիւնը ստանձնած է Արսէն Եարման, ի յիշատակ հանգուցեալ ծնողաց՝ Միհրան եւ Օտէթ Եարմաեան (Եարման) ամոլի։