Հրատարակութիւններ:
ԱՐՄԱՇ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Պատրիարքական Աթոռոյս Արմաշ Մատենաշարէն, որպէս տասնըմէկերորդ հատոր լոյս տեսաւ Արմաշական հայրերէն Երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի՝ մեծանուն Տրապիզոնցիի “Քնար Արեւագալի” խորագրեալ անտիպ բանաստեղծութիւններու հաւաքածոն։

Երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք իր բանաստեղծութիւնները հաւաքած է ձեռագիր փոքրիկ տետրակի մը մէջ, որ մաս կը կազմէր Պատրիարքական Աթոռոյս հաւաքածոյին։ Տետրակի բնագիրը կը բաղկանայ 12×19.3սմ. չափերով, դեղնորակ թուղթով, 83+1 էջերէ, գրուած՝ մանր, շատ կանոնաւոր ու ընթեռնելի ձեռագիրով։ Այսօր ահա այդ տետրակն է որ հրատարակելով կը յանձնենք մեր ընթերցող հասարակութեան ուշադրութեան։

Սրբազան Հեղինակը սոյն բանաստեղծութիւնները գրի կþառնէ 28 Յունիս 1918 – 2 Հոկտեմբեր 1924 շրջանին, Տրապիզոնի, Դամասկոսի, Երուսաղէմի, Երեւանի, Ալեքսանդրէթի, Միջերկրականի վրայ նաւու, Լաւոդիկէի (Լաթաքիա), Սուրիոյ Տրիպոլիսի մէջ։

Սոյն հատորը կը բաղկանայ 200 էջերէ եւ կþընդգրկէ, բացի տետրակի բնագիրէն, Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի գրի առած նախաբանը, Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի եւ հանգուցեալ բանասէր Յակոբ Ճ. Սիրունիի Հեղինակի ու անոր գրչի վաստակին մասին գրութիւնները, Սրբազան հեղինակին Տրապիզոնի առաջնորդութեան օրերուն աշխատանքի պահուն նկարուած անտիպ նկարը, կենսագրութիւնը, Իր ձեռագիրէն նմոյշներ, տետրակին մաս չկազմող երեք երկարաշունչ բանաստեղծութիւններ, ինչպէս նաեւ բնագրի մէջ առկայ նուազ ծանօթ կամ անծանօթ բառերու ընդարձակ ցանկ մը, եւ այլն։ Սոյն §բառարան¦ը բազմաթիւ բառարաններէ քաղելով պատրաստուած է Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի եւ Մարիա Շահպազ-Տիգրանեանի կողմէ։

Հատորը լոյս կը տեսնէ խմբագրութեամբ՝ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի, իսկ շքեղ կողքը պատրաստուած է Արիս Քարաֆիլի կողմէ։

Սոյն հատորը լոյս տեսաւ Ս. Խաչ Դպրեվանքի սաներէն եւ նոյն Վարժարանի այժմու հիմնադրի ներկայացուցիչ՝ Վարուժան Պուլկանի մեկենասութեամբ, ի յիշատակ իր հօրեղբօր՝ Խորէն Պուլկանի։