Հրատարակութիւններ:
ԱՐՄԱՇ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Պատրիարքական Աթոռոյս Արմաշ Մատենաշարէն, որպէս իններորդ հատոր լոյս տեսաւ Երանաշնորհ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի «Քրիստոսի Սուրբ Եկեղեցին ու Անոր Հակառակորդները» աշխատասիրութիւնը։

Ներսէս Պատրիարքի սոյն աշխատասիրութիւնը նախապէս լոյս տեսած է 1864ին, երբ ան տակաւին եպիսկոպոս էր, ինչպէս նաեւ ատենապետ՝ Կրօնական Ժողովոյ եւ քարոզիչ՝ Խասգիւղի։ Հատորը կը բաղկանայ 40 էջերէ եւ կը սկսի Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի, յանուն Հրատարակչական Բաժնի գրի առած ընդարձակ յառաջաբանով։ Գրութեան մէջ կ՚անդրադարձուի թէ Ներսէս Պատրիարք ընդհանրապէս կը յիշուի իր վարչական գործունէութեամբ, բայց այն եղած է նաեւ «Արդիւնաջան վարդապետ Բանին Կենաց»։

Հատորին խորագիրը արդէն իսկ ցոյց կու տայ, թէ ինչո՛ւ գրի առնուած է սոյն աշխատութիւնը։ Ինչպէս այսօր, 150 տարիներ առաջ եւս Քրիստոսի Ս. Եկեղեցին ունեցած է իր հակառակորդները։ Ս. Եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն կապուած Ներսէս Եպիսկոպոս, սոյն աշխատութեամբ կը փափաքի ընթերցողին առջեւ ճամբայ մը բանալ, որպէսզի Ս. Եկեղեցւոյ զաւակները չկորսուին եւ ուղղուին դէպի Աստուած։ Աշխատութեան վերջաբանը նոյնինքն կը վկայէ թէ, Ներսէս Եպիսկոպոս մտահոգութիւն ունի թէ՛ Քրիստոնեաներ դէմ յանդիման են մոլորեցուցիչ գաղափարներով։ Ան, ընթերցողին կը խրատէ ըսելով. «Աշխատէ՛ ու աղօթէ՛ որ Ս. Եկեղեցւոյ ծոցը մնաս եւ չսահիս»։

Սոյն հատորը, բացի աշխատասիրութենէն, կ՚ընդգրկէ նաեւ հեղինակին եպիսկոպոսական նկարը, կենսագրութիւնը, հատորի առաջին տպագրութեան անուանաթերթի նկարը, հեղինակին Պատրիարքական անդրանիկ կոնդակէն հատուած մը եւ այլն։ Իսկ կողքի ետեւի երեսին վրայ, տեղադրուած է Երանաշնորհ Սրբազան հեղինակի շիրմի գորգի վրայ բանուած գունաւոր նկարը։

Հատորը լոյս կը տեսնէ Արիս Քարաֆիլի պատրաստած շքեղ կողքով։ Սոյն հատորը լոյս տեսաւ Արսէն Եարմայեանի մեկենասութեամբ, ի յիշատակ իր հանգուցեալ մեծմօր՝ Արմենուհի Եարմայեանի։