ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, առաջնորդութեամբ Եկեղեցւոյ Քարոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի եւ Երէց՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի եւ գլխաւորութեամբ Ատենապետ Արման Պիւքիւճեանի, 27 Սեպտեմբեր 2019, Ուրբաթ, ժամը 10.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։

2019 KADIKOY NGAR

Այցելուները նախ շնորհաւորեցին Նորին Սրբազնութիւնը եւ տեղեկութիւններ փոխանցեցին եկեղեցւոյ եւ վարժարանի մասին։

 

Տեղապահ Սրբազան Հայրը կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։