ԳԻՒՏ ԽԱՉԻ ՏՕՆԸ ԵՒ ՖԵՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 23 Հոկտեմբեր 2022, Կիրակի, նախագահեց Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Սայաթ Սրկ….

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՍԵԲԱՍՏԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը Սեբաստիոյ մէջ պաշտօնական այցելութեանց յաջորդ օրը, 22 Հոկտեմբեր 2022, Շաբաթ, ժամը 11.00-ին այցելեց Սեբաստիոյ Հնէաբանական Թանգարանը ուր դիմաւորուեցաւ Թանգարանի Տնօրէն Ալի Ալքանի կողմէ ու…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԱԼԱԹԻՈՅ ՄԱՅՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 20 Հոկտեմբեր 2022, Հինգշաբթի, այցելութիւն տուաւ Մալաթիոյ Մայր Քաղաքապետ Սէլահատտին Կիւրքանի։ Նորին Ամենապատուութեան կ’ընկերանային Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Գաւառի մերազն համայնքներու…

ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑ՝ ՄԱԼԱԹԻՈՅ ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 19 Հոկտեմբեր 2022, Չորեքշաբթի գիշեր, ժամը 21.00-ին, օդային ճամբով մեկնեցաւ Մալաթիա։ Նորին Ամենապատուութեան կ’ընկերանար Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Նորին Ամենապատուութեան ողջերթ…

ՀՈԳԵԳԱԼՍՏԵԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ. «ՓԱՌՔ ԳԱԼՍՏԵԱՆ ՔՈ Ս. ՀՈԳԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾ» ԸՍԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ

Հոգեգալուստը, Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ կարեւորագոյն տօներէն մին է, որ ամէն տարի մեծ շուքով կը նշուի մեր եկեղեցիներուն մէջ։ Սակայն, թագաժահրի (քորոնա) համավարակի սահմանափակումներուն պատճառաւ այս տարի եւս կարելի չեղաւ ժողովուրդի մասնակցութեամբ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ 560 ՏԱՐԵԿԱՆ

Ըստ աւանդութեան, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան հիմնադրութեան տարեդարձը ամէն տարի կը նշուի Հոգեգալստեան Տօնին։ Թագաժահրի (քորոնա) համավարակի սահմանափակումներուն պատճառաւ այս տարի եւս կարելի չեղաւ ժողովուրդի մասնակցութեամբ նշել այս պանծալի յիշատակութիւնը։ Իսկ…

ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆԸ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐԱՊԷՍ ՆՇՈՒԵՑԱՒ

Համբարձման Տօնը այս տարի եւս տօնուեցաւ թագաժահրի (քորոնա) համավարակի սահմանափակումներու շուքին տակ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Համբարձման տօնը կը զուգադիպի Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի տարեկան տօնախմբութեան, սակայն համավարակի սահմանափակումներուն պատճառաւ, ինչպէս…

ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆ ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Ս. Պատրիարք Հօր հրամանաւ եւ օրհնութեամբ Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի վախճանման Բ. տարելիցին առթիւ Պատրիարքական Աթոռոյս կողմէ հրատարակուեցաւ յուշամատեան մը։ Հատորը կը բացուի Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի մեծադիր լուսանկարով,…

ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒՆԵՐՈՒ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ՆԿԱՏԱՌՄԱՆ

Ծանօթ է, թէ համավարակի պատճառաւ երկրի առողջապահական պաշտօնական մարմիններու ցուցմունքներով կատարուած սահմանափակումները կը շարունակուին ներկայիս։ Այս սահմանափակումներու կարգէն ըլլալով 29 Ապրիլ 2021, Հինգշաբթի, ժամը 19.00-էն մինչեւ 17 Մայիս 2021, ժամը…