ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ԿԱՅԱՆԸ՝ ՎԱՔԸՖԳԻՒՂԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Kategori: Եկեղեցական

vak1Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ ժամը 08.30-ին սկսան գիշերային եւ առաւօտեան ժամերգութիւնները, որոնց աւարտին գոց վարագոյրով Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ ձեռամբ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի։

Երգեցողութիւնները կատարուեցան հոգեւոր հայրերու, ուխտաւոր դպիրներու եւ գիւղաբնակ մանուկներու կողմէ, առաջնորդութեամբ՝  Արժ. Տ. Գրիգոր  Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։ Ս. Պատարագին Ս. Սեղանին սպասարկեցին՝   Բրշ. Արթուն Սրկ. Տամատեան, Բրկ. Ղազար Ուր. Դպ. Սապունճու եւ գիւղի պատանիներէն Առէն Քուշ եւ Արամ Մանճա։

Ճաշու գիրքը կարդաց Տ. Գրիգոր  Աւ. Քահանան, իսկ Ճաշու Աւետարանը՝ Ղազար Ուր. Դպիրը։ Ս. Ընծայից վերաբերումը կատարեց Արթուն Սարկաւագ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, կատարուեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն։

vak2ՔԱՐՈԶ

Արեւագալի արարողութեան աւարտին քարոզեց հանդիսապետ Սրբազան Հայրը, փառք տալով Ամենակալին որ հասած էին ուխտագնացութեան վերջին կայանը՝ Վագըֆգիւղ։ Սրբազան Հայրը նշեց եկեղեցւոյ երէց՝  Տէր Աւետիս Քահանայի աշխատանքը։ Նշեց նաեւ Վագըֆգիւղի կարերութիւնը որ Թուրքիոյ միակ հայ գիւղն է իր բարքերով եւ սովորութիւններով։ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց նաեւ Վաքըֆլըգիւղի Ծխական Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ՝ ատենապետ Ճէմ Չափարի, ինչպէս նաեւ գիւղապետ Պերճ Քարթունի։ Սրբազան Հայրը Վաքըֆգիւղ բնակող հայ ժողովուրդին փոխանցեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի հայրական ողջոյնները։ Բացատրեց Դատաւորի առակը ու անդրադարձաւ աղօթքի կարեւութեան։ Յատկապէս շեշտեց թէ՝ պէտք էր աղօթքի կեանք ունենալ եւ այդ աղօթքներուն մէջ յարատեւել։ Նոյնիսկ պէտք է աղօթել այն պահերուն, երբ տրամադրութիւն չենք ունենար աղօթելու։ Պէտք է յաղթենք մեր անտրամադիր կեցուածքը, աղօթքով մօտենանք առ Աստուած։

Սրբազան Հայրը իր խօսքի աւարտին, յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Ստանպուլէն ուխտագնացութեան մասնակից հոգեւորականներուն, սարկաւագ, դպիրներուն եւ ուխտաւորներուն։ Սրբազան Հայրը մաղթեց նաեւ որ այս ուխտագնացութիւնը առիթ մը ըլլայ Աստուծոյ աւելի մօտենալու եւ Աստուծոյ խօսքին աւելի կարեւորութիւն ընծայելու։

vak3ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

Արեւագալի ժամերգութենէն ետք կազմուած թափօրը այցելեց գիւղի գերեզմանատունը։ Այստեղ հոգեւորականներ եւ հաւատացեալներ բոլորուեցան գիւղի երբեմնի աւագերէցներ՝ Ղեւոնդ Աւ. Քհնյ. Քարթունեանի եւ Սերովբէ Աւ. Քհնյ. Կիւլեանի շիրիմներուն շուրջ եւ կատարուեցաւ պաշտօն գիւղի գերեզմանատան մէջ ննջող համայն հաւատացեալներու, ինչպէս նաեւ ուխտաւորներու պարագաներու հոգւոցն ի հանգիստ։

Արարողութեանց աւարտին, ուխտաւորներ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ Ծխական Խորհուրդին կողմէ հիւրասիրուեցան պահոց ճաշով։

Տ. Սահակ Եպիսկոպոս ուխտաւորաց խումբի հետ ապա անցաւ Անտիոք եւ գիշերուան ժամերուն օդային ճամբով վերադարձաւ Ստանպուլ։ Իսկ քահանայ հայրեր կը շարունակեն մնալ Վագըֆգիւղ։ Քահանայ հայրեր ապա այցելեցին գիւղի երիցագոյն բնակիչը՝ իննիսունութամեայ Աւետիս Տէմիրճին։

vak4ՄԵԿՆՈՒՄ

Քահանայ հայրեր, աւարտելով ուխտագնացութիւնը, 11 Մարտ 2013, Երկուշաբթի գիշեր պիտի վերադառնան Ստանպուլ։