Հրատարակութիւններ:
ԱՐՄԱՇ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Պատրիարքական Աթոռոյս Արմաշ Մատենաշարէն, որպէս հինգերորդ հատոր լոյս տեսաւ Արմաշական հայրերէն Երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի՝ մեծանուն Տրապիզոնցիի «Արտաշէս Գ. եւ Սահակ Պարթեւ կամ Արշակունեաց Թագաւորութեան Անկումը»¦ խորագրեալ անտիպ թատրերգութիւնը (Դեկտեմբեր 2012)։

Հատորի Սրբազան Հեղինակը սոյն թատրերգութիւնը կը սկսի գրի առնել, Արմաշու Վանքին մէջ իր վարդապետութեան շրջանին։ Ապա, երբ պաշտօն կը ստանձնէ Սիսի Կաթողիկոսութեան մայրավանքին մէջ, որպէս դպրեվանքի տեսուչ, այդտեղ կ՚աւարտէ ու կը ձօնէ Կիլիկիոյ Սահակ Բ. Կաթողիկոսին։ Իսկ տարիներ վերջ նոյն թատրերգութիւնը կը վերախմբագրէ, սակայն այս վերախմբագրեալ աշխատանքը կամ կիսատ կը մնայ եւ կամ երկու արարով կը բաւարարուի։

Սոյն հատորը, որ կը բաղկանայ 272 էջերէ եւ կ՚ընդգրկէ հեղինակ Հայր Սուրբի ձեռագիր անտիպ մէկ տետրակը, որ բնագիրն է յիշեալ թատրերգութեան։ Հատորին մէջ լոյս կը տեսնեն ձեռագրէն նմոյշ մը, ինչպէս նաեւ Գարեգին Վրդ. Խաչատուրեանի անտիպ մէկ նկարը, հակիրճ կենսագրութիւնը, Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի ընդարձակ մէկ յօդուածը՝ Գարեգին Վրդ. Խաչատուրեանի Սիսի եւ Մարաշի գործունէութեան մասին, թատրերգութեան նիւթի շրջանի՝ Արշակունեաց թագաւորութեան բարձման մասին հեղինակի մէկ ուսումնասիրութիւնը, Արմաշու Վանքի եւ Սիսի Մայրավանքի համալիրի ու աւագ խորաններու նկարները, Կիլիկիոյ Սահակ Բ. Կաթողիկոսի սոյն թատրերգութեան մասին հեղինակին յղած մէկ նամակը, բնագրի մէջ առկայ նուազ ծանօթ բառերու ցանկ մը, թատրերգութեան մաս կազմող երգերու միաձայն ձայնագրութիւններն ու Բրկ. Յ. Էտվին Ուր. Դպիր Կալիպեանի կողմէ աշխատասիրուած բազմաձայն տարբերակները, եւ այլն։

Հատորը լոյս կը տեսնէ խմբագրութեամբ՝ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի, իսկ շքեղ կողքը պատրաստուած է Գրիգոր Սահակեանի կողմէ։

Սոյն հատորը, որ լոյս տեսաւ Ս. Խաչ Դպրեվանքի սաներէն Շիշլիի Փոխ-Քաղաքապետ Վազգէն Պարընի մեկենասութեամբ, ի յիշատակ Դպրեվանքի հիմնադիր ու վանահայր Երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի։