ԳԱՆՏԻԼԼԻԻ Ս. ԵՐԿՈՏԱՍԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

13308198_584658311694056_9128577966059304006_oՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 1 Յունիս 2016, Չորեքշաբթի, ժամը 11.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին անդամները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ այցելու երէց՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի։

Այցելուներ յայտնեցին որ Ս. Երկոտասան Առաքելոց Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպէր 25 Յուլիս 2016, Շաբաթ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի հանգստեան աղօթքով պիտի յիշուին Ս. Եկեղեցւոյ վախճանեալ հոգեւոր սպասաւորները, հանգուցեալ վարիչներն ու բարերարները եւ այժմու բարերարներու հանգուցեալները։ Այցելուները, օրուայ կրօնական հանդիսութեանց համար խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։ Այս տարուայ տօնախմբութիւնը պիտի տարբարի այնցեալի տօնակատարութիւններէն, քանի որ պիտի նշուի եկեղեցւոյ հիմնարկութեան 175ամեակը։ Թաղային Խորհուրդը, «Մէկտեղուինք Տիրոջ Ս. Սեղանին շուրջ եւ խնդրենք Քրիստոսի առաքեալներուն բարեխօսութիւնը» նշանաբանով հրաւէր կ՚ուղղէ հաւատացեալներուն։ Այցելուներ Նորին Սրբազնութեան ծանօթացուցին նաեւ Գանտիլլի բնակող երկու երիտասարդները, որոնք բարի դրացնութեան օրինակը ցոյց տալով տարիներ շարունակ, Թաղի Եկեղեցւոյ հետ կը հետաքրքրուէին եւ օգտակար կը հանդիսանային թաղային խորհուրդի գործունէութեան։

Արամ Արքեպս. ցաւ յայտնեց որ ինք այդ օրերուն պիտի գտնուէր Հայաստան, այս պատճառաւ ներկայ պիտի չկարենար գտնուիլ տօնախմբութեան։ Յամենայն դէպս, Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան պիտի նախագահէր տարեդարձի հանդիսութեանց։ Այս առթիւ իր գնահատանքը յայտնեց Տիգրան Գէորգեանի գլխաւորած թաղային խորդհուրի անդամներուն, որոնք վոսփորի այս գողտրիկ եկեղեցին պայծառ պահելու կը ջանային։ Նորին Սրբազնութիւնը, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։