ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

13305204_584636518362902_2129874260560042523_oՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 1 Յունիս 2016, Չորեքշաբթի, ժամը 10.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի։

Այցելուները յայտնեցին, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը, այս տարի պիտի կատարուէր 12 Յունիս 2016, Կիրակի։ Ս. Պատարագի աւարտին, պիտի յիշատակուէին եկեղեցւոյ հանգուցեալ հիմնադիրներն ու բարերարները։ Կրօնական հանդիսութեանց համար խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ Նորին Սրբազնութիւնը հրաւիրեցին կիրակնօրեայ հանդիսութեանց։ Յայտնեցին նաեւ թէ՝ եկեղեցւոյ մէջ ձմրան եղանակին դադրած կիրակնօրեայ արարողութեանց պիտի շարունակուէր Յունիս ամսուայ սկիզբը։ Ամրան եղանակի առաջին Ս. Պատարագը պիտի մատուցուի 5 Յունիս 2016, Կիրակի։ Այցելուներ զրուցեցին եկեղեցւոյ հետ առընջուած նիւթերու շուրջ ու տեղեկութիւններ տուին իրենց աշխատութեանց եւ ծրագիրներուն մասին։

Արամ Արքեպս. սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին ու յայտնեց թէ Ինք պիտի հանդիսապետէ կիրակնօրեայ տօնախմբութեան։ Նորին Սրբազնութիւնը, անդրադարձաւ թէ եկեղեցին ունեցած էր նոր հոգեւոր հովիւ մը՝ յանձին Յարութիւն Աբեղայի եւ թաղային Խորհուրդի անդամներուն թելադրեց իրեն գործակցիլ ի փառս եկեղեցւոյ եւ ի մխիթարութիւն մերազն ժողովուրդին։ Սրբազան Հայրը, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն իրենց գործունէութեանց մէջ։

Նկատելով որ Գիւտ Նշխարաց Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Տօնը եկեղեցւոյ ուխտի օրն է, 11 Յունիս 2016, Շաբաթ առաւօտ եւս Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Գնալը Կղզիի մէջ։