ԵՆԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Փաստաթուղթեր

Ենիգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, առաջնորդութեամբ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի, 29 Յուլիս 2019, Երկուշաբթի, ժամը 10.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։

YENIKOY

Այցելուները եկած էին շնորհաւորելու Պատրիարքական նորընտիր Տեղապահ Սրբազան Հայրը։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին իրենց աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին։

 

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական սոյն այցելութեան համար եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց աստուածահաճոյ եւ եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։