ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՊԵԼԺԻՈՅ ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆԻ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր,Փաստաթուղթեր

23473095_859190374240847_4222622976453082308_nՊելժիոյ Ֆիլիփ Թագաւորի գահակալութեան տարեդարձը, 14 Նոյեմբեր 2017, Երեքշաբթի երեկոյ նշուեցաւ քաղաքիս Պելժիոյ Հիւպատոսարանին մէջ։ Պելժիոյ Ստանպուլի աւագ հիւպատոս Սոֆի տը Սմետթի հիւրընկալութեամբ սարքուած ընդունելութեան, պաշտօնական բազում հաստատութեանց շարքին հրաւէր ուղղուած էր նաեւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան։

Սոյն տօնական ընդունելութեան յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ մասնակցեցաւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Նորին Սրբազնութիւնը, յարգարժան Աւագ հիւպատոսին փոխանցեց Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի շնորհաւորութիւնները ու յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ, հոգեւորականաց դասուն եւ պաշտօնական մարմիններուն բարեմաղթութիւններ փոխանցեց։