ՍՈՒՐԲ ԹԱՐԳՄԱՆԻՉ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐ՝ ՍԱՀԱԿ ԵՒ ՄԵՍՐՈՊԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐԱՊԷՍ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային

Ս. Թարգմանիչ Վարդապետներ՝ Սահակ եւ Մեսրոպի Տօնին, 11 Յուլիս 2019, Հինգշաբթի առաւօտ, տօնական արարողութիւններ տեղի ունեցան Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեանց հանդիսապետեց Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Արարողութեանց մասնակեցան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Արժ. Տ. Տ. Գրիգոր Աւ., Սարգիս Աւ., Զաքար եւ Շիրվան քահանայ հայրերը։ Արարողութեանց իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ կրթական մշակներ, Կազդուրման Կայանի աշակերտութիւնը, ինչպէս նաեւ Ներսէսեան Դպրաց Դասու երիտասարդ ու պատանի անդամները։

2019 TARKMANCHATS 5

Ս. Պատարագը մատոյց Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ, Բրշ. Եղիա Սրկ. Չալըշըրեան, Բրշ. Կարպիս Սրկ. Չիչէքեան, Բրկ. Գարեգին Կսրկ. Պարսամեան, Բրկ. Մուրատ Կսրկ. Այքար, Բրկ. Յակոբ Կսրկ. Սարաֆեան եւ դպիրներ։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան ներկայ հոգեւորականներու եւ ուխտաւոր դպիրներու կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Բրկ. Սեւան Կսրկ. Արապեանի։

2019 TARKMANCHATS 2

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, հանդիսապետ Սրբազան Հայրը քարոզեց, վեր առնելով Ս. Թարգմանիչ Վարդապետներուն վարքը եւ իրենց կատարած գործին կարեւորութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի ծիրէն ներս։ Սրբազան Հայրը մասնաւորապէս շեշտեց թէ Ս. Սահակի եւ Ս. Մեսրոպի գործը, մասնաւոր յարգանքի արժանացած է անցեալէն մինչեւ այսօր։ Ապա, ներկաներուն յիշեցուց թէ՝ Հայ Ժողովուրդի ներկայ սերունդը եւս արժանավայել սիրով պէտք է մեծարէ այս սուրբերուն գործունէութիւնը։ Սրբազան Հայրը ի միջի այլոց ըսաւ. «Նման սիրով, դարեր շարունակ եղաւ առողջ փոխանցում ու սերունդներ իրենց նախնիներէն առածը փոխանցեցին ապագայ սերունդին։ Ներկայ դարու մեծագոյն հարցականը այն է թէ, մենք եւս նոյն բարոյական զօրութիւնը պիտի ունենա՞նք ու պիտի կարողանա՞նք փոխանցել մեզի հասած այս կոթողային հարստութիւնը։ Մենք ունինք բազում մշակութային արժէքներ, որոնց միարար կիզակէտն է Հայ Լեզուն։ Ներկայ դարու գիտնական տուեալներով, դժբախտաբար Արեւմտահայերէնը, «Իւնէսքօ»ի ցանկին մէջ դասուած է վտանգուած լեզուներու շարքին։ Ուրեմն մեր լեզուն մեռնելու վտանգի հետ դէմ հանդիման է, ինչպէս պատմութեան ընթացքին տարբեր լեզուներ նման ձեւով կորստեան մատնուեցան։ Պիտի ուզէի յիշեցնել թէ՝ մայրենիի գերեզմանը մեր բերանն է։ Երբ մենք գիտնալով հանդերձ չենք գործածեր մեր լեզուն, ահա այդ պահուն մեր բերանը տխրագոյն գերեզմանոցի վերածուած է արդէն։ Բայց մենք Յարութեան յոյսով լեցուած ենք, այնուհետեւ մեր գերեզմանները կրնան վերստին կեանքի արժանանալ մեր իսկ ներդրումով։ Լոյս գերեզմանի հրաշքը, մեր բերաններու մէջ եւս տեսանելի արդիւնքներ կրնան տեսնուիլ։ Այնուհետեւ, ուշադրութեամբ նշենք այս յիշատակութիւնը եւ սուրբերուն բարեխօսութեան դիմենք, որպէսզի մեր լեզուն միշտ կենդանարար զօրութեան վերածուի մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս»։

 

Տեղապահ Սրբազանը յիշեց նաեւ նորոգ վախճանեալ Մեսրոպ Պատրիարքը, քանի Ս. Թարգմանչաց Տօնը, նաեւ Պատրիարք Սրբազան Հօր անուան տօնախմբութիւնն էր։ Ինք եւս Թարգմանիչ Վարդապետներու սուրբ առաքելութիւնը վառ պահած էր մեր ժողովուրդին մէջ։ Սրբազան Հայրը, մաղթեց որ, Մեսրոպ Պատրիարքի թողած բարոյական եւ հոգեւոր արժէքները միշտ պատնէշի վրայ մնան մեր ժողովուրդին մէջ։  Իր խօսքերու աւարտին, շնորհաւորեց նաեւ բոլոր վարդապետներու, ուսուցիչներուն, մամլոյ սպասաւորներու եւ Հայ Գիրի սպասաւորներու տօնը։

2019 TARKMANCHATS 3

Ս. Պատարագի աւարտին Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարուեցաւ ի հանգիստ՝ հոգւոցն Պատրիարքական Աթոռոյս Երանաշնորհ գահակալներ՝ Գարեգին Արքեպս. Խաչատուրեանի եւ Մեսրոպ Արքեպս. Մութաֆեանի։ Յիշատակուեցան նաեւ վախճանեալ վարդապետներ, կրթական մշակներ, տեսուչները, Հայ գրչի եւ մամլոյ սպասաւորները։

2019 TARKMANCHATS 1

Արարողութեանց աւարտին, Սրբազան Հօր նախագահութեամբ, սիրոյ սեղան սարքուեցաւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Ներկայ էին հոգեւորականներ, սարկաւագներ, դպիրներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդէ անդամներ։ Սիրոյ սեղանի ընդացքին գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը, հանդիսավարութեամբ՝ Յարութիւն Աբեղայի։ Սիրոյ Սեղանը բացուեցաւ միաբերան երգուած «Նախ Խնդրեցէ՛ք» հոգեւոր երգով, երգ մը՝ որ դարձած է Մեսրոպ Պատրիարքի եւ իր եկեղեցաշէն առաքելութեան խորհրդանիշը։ Ապա, Արամ Կոստանեան՝ «Ո՞ր Լեզուն», «Ժառանգ», Տիանա Չիլինկիրեան՝ «Քիչ ենք բայց Հայ ենք», «Հին Օրհնութիւն», իսկ Փոքրիկն Տէրըն Տէմիր՝ «Հայկական Տոհմէն» արտասանութիւններով ներկայացան ու սեղակիցներուն յատուկ ուշադրութեան եւ գնահատանքին արժանացան։ Մշակութային այս օրը առիթ եղաւ որ, գնահատուի նաեւ մեր համայնքի սիրուած երաժշտուհիներէն եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ անդամներէն՝ Մարալ Այվազ Չաղլըչուպուքճուի երաժշտական նոր խտասալիկը։ Այս առթիւ, ան եւ ապա՝ զաւակը Պարէտ մեներգեցին ու ներկաներու բուռն ծափերուն արժանացան։ Մեներգեցին նաեւ Երազ Չաղլաեան եւ Ալիս Շահինեան, որոնք եւս փայլ տուին յայտագրին։ Տօնական հանդիսութեան առիթով նաեւ սրտի խօսքեր արտասանեցին, Գարեգին Պարսամեան՝ որպէս կրթական մշակ, Շնորհք Աբեղայ՝ որպէս վեղարաւոր, Գրիգոր Աւ. Քահանայ՝ որպէս քահանայ, Մարիամ Տրամերեան՝ որպէս մշակութային գործիչ, Յարութիւն Աբեղան՝ որպէս հոգեւոր հովիւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ։ Մասնաւորապէս գնահատանքի արժանացաւ Ներսէսեան Դպրաց Դասու պատանիներէն Նարեկ Գազիքօղլուի սրտի խօսքը, որ արտասանուեցաւ յանուն բոլոր ներկայ պատանիներուն եւ երիտասարդներուն։

2019 TARKMANCHATS 6

Ապա, ծափահարութիւններու ոգեւորութեամբ սրահ բերուեցաւ տօնական կարկանդակը, որ պատրաստուած էր Տեղապահ Սրբազան Հօր անուան տօնակատարութեան առթիւ։ Կարկանդակի բեկանումէն յետոյ Սրբազան Հայրը հուսկ բանքը արտասանեց եւ մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն։ Գնահատեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աշխատութիւնը եւ կազմակերպութիւնը, որով Թարգմանչաց Տօնը մեծ շուքով ու արժանավայել ձեւով տօնուած էր Գնալը մէջ։ Անգամ մը եւս յիշելով Մեսրոպ Պատրիարքը, վստահ ըլլալով որ՝ ինք եւս երկնային օթեւաններէն միացած էր այս ոգեւորիչ մթնոլորտին։ Մաղթեց Պատրիարք Սրբազան Հօր հոգիին խաղաղութիւն ու բոլոր ներկաներուն արեւշատութիւն։

2019 TARKMANCHATS 4

Սիրոյ սեղանը միասնաբար արտասանուած Տէրունական Աղօթքով իր աւարտին հասաւ։