ՔԱՅԼ ՄԸ ԵՒՍ ԴԷՊԻ Ս. ԶԱՏԻԿ

Kategori: Կրօնական

Մեծ Պահքի ապաշխարութեան օրերը մեզ քայլ առ քայլ կþառաջնորդեն դէպի Ս. Յարութեան Աւետիսին։ Այս ճանապարհորդութեան ընթացքին կան կարեւոր յիշատակութիւններ, որոնք առիթ կþընծայեն յիշելու թէ Աստուած Իր ընտրեալ սուրբերուն միջոցաւ ինչպիսի հրաշքներ գործած է մեր ժողովուրդին կեանքէն ներս։ Այդ անկիւնադարձային կայքերէն է մեր ժողովուրդին քրիստոնէացումը։ Մեծ Պահոց վերջընթեր շաբաթ օրը պիտի յիշատակենք մեր հաւատքի հօր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի չարչարանաց եւ խոր վիրապ նետուելու յիշատակը։ Եկեղեցին կարեւորութիւն կþընծայէ այս յիշատակութեան եւ այդ օրը բաց վարագոյրով Ս. Պատարագ կը մատուցուի մեր եկեղեցիներուն մէջ։

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ չարչարուեցաւ եւ երկունքի ցաւ կրող կնոջ մը նման տառապեցաւ։  Մանուկ մը ծննդաբերող կինը իր ցաւը կը մոռնայ, որովհետեւ նոր մանուկ մը աշխարհ կը բերէ։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապի բանտարկութիւնը եղաւ երկունքի՛ շրջան մեր ժողովուրդի հաւաքական դարձի օրերուն ծննդեան։  Հեթանոս Հայեր չարչարեցին սուրբը ըսելով. «Ո՞ւր է քու Աստուածդ»։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ համբերութեամբ տոկալով, ցոյց տուաւ, թէ «նոյնիսկ եթէ խաւարի մէջ մնար` Տէրը իր լոյսն էր»։ Տէրը գնահատեց Գրիգորի հաւատարմութիւնը եւ քրիստոնէական անշեղ հաւատքը «իր ժամանակին անոր դատը պաշտպանեց, իր իրաւունքը տուաւ եւ զինքը խաւարէն լոյսին հանեց» առիթ ընծայելով աստուածային արդարութեան յայտնութեան (Միքիա 7։7-10)։

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ իր չարչարանքներով փաստեց, որ իսկապէս արժանի հետեւորդն էր Քրիստոսի, եւ որ առնելով խաչը հետեւած էր Փրկչին։ Հեթանոս Տրդատ Թագաւորի ընձեռած երկրաւոր բարիքները կրցաւ մէկ կողմ նետել, անոնց փոխարէն փրկեց իր հոգին։ Չարչարանքներն ու խոր վիրապը առաւել զօրացուցին հաւատաւոր կեանք մը, որով կարելի եղաւ Քրիստոսի Լոյսով լուսաւորել անբողջ ժողովուրդ մը։ Փառք Աստուծոյ, որ Ան գործած է մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, Իր հրաշագործ զօրութեամբ։
Յիշելով մեր ժողովուրդի հաւաքական դարձի օրերու հաւատքի ջերմութիւնը, ձերբազատուինք անտարբերութենէ եւ քալենք նոյն հաւատքի հոգեւոր արիութեամբ։

Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան