ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

IMG_2978Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 19 Սեպտեմբեր 2017, Երեքշաթի, Ժամը 10.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ՝ եկեղեցոյ երէց՝ Արժ. Տ. Անդէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեանի։

Ներկաներ, եկեղեցւոյ եւ վարժարանի մէջի զարգացումներուն մասին Տեղապահ Սրբազան Հօր տեղեկութիւն փոխանցեցին։ Այնուհետեւ յայտնեցին, որ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը այս տարի պիտի կատարուէր 8 Հոկտեմբեր 2017, Կիրակի առաւօտ, ապա եկեղեցւոյ յարակից Պէզճեան սրահին մէջ պիտի սարքուէր սիրոյ սեղան ի նպաստ Պէզճեան Մայր Վարժարանին։ Այցելուները, օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ Նորին Սրբազնութիւնը հրաւիրեցին հանդիսապետելու համար կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն իրենց գործունէութեանց մէջ։