ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

Kumkapi Mayr Dacar

Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Անդէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեանի, 1 Հոկտեմբեր 2014, Չորեքշաբթի, ժամը 10.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը այս տարի պիտի կատարուէր 12 Հոկտեմբեր 2014, Կիրակի առաւօտ, ապա եկեղեցւոյ յարակից Պէզճեան սրահին մէջ պիտի սարքուէր սիրոյ սեղան ի նպաստ Պէզճեան Մայր Վարժարանին։ Այցելուները, օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ Նորին Սրբազնութիւնը հրաւիրեցին հանդսապետելու համար կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին նաեւ եկեղեցւոյ եւ վարժարանի մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։