ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

Աթոռանիստ Մայր Տաճարի Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեանի, 31 Յուլիս 2015, Ուրբաթ, ժամը 10.30-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Աթոռանիստ Մայր Տաճարի անուան  տօնախմբութիւնը կը զուգադիպէր 17 Օգոստոս 2014, Կիրակի, Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի Տաղաւարին։ Այցելուները, օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ տեղեկութիւն տուին  եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։ Մասնաւորաբար Քահանայից Տան մասին եղած զարգացումները փոխանցուեցան, ինչպէս նաեւ զանազան ծրագիրներու եւ կալուածական այլ խնդիրներու մասին գաղափարի փոխանակում եղաւ։ Ի միջի այլոց, տեղեկացուցին թէ Եկեղեցւոյ Մատաղօրհնութիւնը տեղի պիտի ունենայ 11 Հոկտեմբեր, Կիրակի։ Արամ Արքեպս., ընդառաջեց եղած խնդրանքին, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Թաղային Խորհուրդի անդամներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։