ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

12113404_498320826994472_3111669814012523151_oԱթոռանիստ Մայր Տաճարի Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեանի, 2 Հոկտեմբեր 2015, Ուրբաթ, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները անգամ մը եւս յայտնեցին, որ 11 Հոկտեմբեր 2015, Կիրակի պիտի կատարուի Աթոռանիստ Մայր Տաճարի եւ Պեզճեան Մայր Վարժարանի մատաղօրհնութիւնը ու Ս. Պատարագի աւարտին հանգստեան աղօթքներով պիտի յիշուին եկեղեցւոյ հանգուցեալ սատարողները։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, պիտի սարքուի սիրոյ սեղան ի նպաստ Պեզճեան Մայր Վարժարանին։ Այցելուները, շաբաթավերջի սոյն կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց հրաւիրեցին Նորին Սրբազնութիւնը։

Արամ Արքեպս., ընդառաջեց եղած խնդրանքին։ Կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Աթոռանիստ Մայր Տաճարի Թաղային Խորհուրդի անդամներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։