ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային
13975524_613612428798644_6579893200119122988_oԱթոռանիստ Մայր Տաճարի Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեանի, 5 Օգոստոս 2016, Ուրբաթ, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։
 
Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Աթոռանիստ Մայր Տաճարի անուան տօնախմբութիւնը կը զուգադիպէր 14 Օգոստոս 2016, Կիրակի, Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի Տաղաւարին։ Այցելուները, օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։ Ի միջի այլոց, տեղեկացուցին թէ Եկեղեցւոյ Մատաղօրհնութիւնը տեղի պիտի ունենայ 9 Հոկտեմբեր, Կիրակի։
 
Արամ Արքեպս., կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Թաղային Խորհուրդի անդամներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։