ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային
14291623_636074536552433_3820925776447092042_nՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 22 Սեպտեմբեր 2016, Հինգշաբթի, ժամը 10.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Աթոռանիստ Մայր Տաճարի Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեանի։
 
Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ 9 Հոկտեմբեր 2016, Կիրակի պիտի կատարուի Աթոռանիստ Մայր Տաճարի եւ Պեզճեան Մայր Վարժարանի մատաղօրհնութիւնը ու Ս. Պատարագի աւարտին հանգստեան աղօթքներով պիտի յիշուին եկեղեցւոյ հանգուցեալ սատարողները։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, պիտի սարքուի սիրոյ սեղան ի նպաստ Պեզճեան Մայր Վարժարանին։ Այցելուները, շաբաթավերջի սոյն կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց հրաւիրեցին Նորին Սրբազնութիւնը։ Այցելուներ տեղեկութիւններ փոխանցեցին նաեւ դպրոցի, աշակերտութեան, կալուածական զարգացումներու եւ եկեղեցւոյ կից Պէզճեան Սրահի նորոգութեան ծրագրին մասին։
 
Արամ Արքեպս., ընդառաջեց եղած խնդրանքին։ Կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Աթոռանիստ Մայր Տաճարի Թաղային Խորհուրդի անդամներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։