ԱԹՈՌՈՅՍ “HAY MENTEE-MENTOR” ԾՐԱԳՐԻՆ ՄԱՍԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆ ՓՈԽԱՆՑՈՒԵՑԱՒ

Kategori: Համայնքային

157570976_1792830654210143_6565706602303582734_oՆ.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 25 Փետրուար 2021, Հինգշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց «HAY MENTEE-MENTOR» երիտասարդաց ծրագրի պատասխանատուները, որոնք ծրագրի Փետրուար ամսուան գործունէութեանց մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին Նորին Ամենապատուութեան։
Երիտասարդներ յայտնեցին թէ, թագաժահրի (քորոնա վիրիւս) համավարակի սահմանափակումներուն պատճառաւ, ծրագիրը իր գործունէութիւնը կը շարունակէ համացանցային համակարգի վրայ։ Այս ուղղութեամբ ծրագրի խորհրդատուներ եւ պատասխանատուներ, 5 Փետրուարին, համացանցի դրութեամբ ժողով մը գումարելով քննարկած են ծրագրի ապագայ գործունէութիւնները։

Փետրուար ամսուան ընթացքին, ծրագրի «instagram»ի էջին մէջ կազմակերպուած են դասախօսական կարճ հանդիպումներ, որոնք ուղիղ սփռուած են համացանցէն։ Նոյն շրջանին անջատաբար տեղի ունեցած են հետեւեալ հանդիպումները.

Առաջին զրոյցը տեղի ունեցած է Երազ Չաղլեանի հետ, ղեկավարութեամբ՝ Ալէն Զինզալի։ Յաջորդաբար՝ զրուցած է Լարա Նարին, ղեկավարութեամբ՝ Թարա Տէմիրճիօղլուի։ Երրորդ հանդիպումը եղած է Արաս Եոլուսէվէրի հետ, ղեկավարութեամբ՝ Լիտիա Չուլճուի։ Իսկ վերջին հանդիպումն է իրաւաբան Մելինէ Չիլինկիրի հետ, ղեկավարութեամբ՝ Նորտա Լազօղլուի։

12 Փետրուարին, «UPS» հաստատութենէն Արտա Եաքըճըօղլու եւ կարավառման խորհրդատու Պերճ Չուպուքճեան, «Zoom»ի ճամբով ծրագրի երիտասարադներուն հետ հանդիպում մը ունենալով, խօսած են արտասահմանեան գործի հնարաւորութիւններուն եւ արհեստական մտքի մասին։

Պատրիարք Հայրը, լսելով գործունէութեանց մասին, օրհնութիւնը փոխանցեց երիտասարդներուն, յայտնելով թէ՝ Պատրիարքական Աթոռը միշտ զօրավիգ կը կանգնի իր զաւակներուն։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս առիթով մաղթեց որ երիտասարդական այս ծրագիրը շարունակէ պտղաբերութիւնը։