Աթոռ վերադարձ

Kategori: Եկեղեցական

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը եւ Պոլսահայ ուխտաւորները 3Մայիս երեքշաբթի վերադարձան Պոլիս։

Նորին Ամենապատուութիւնը 3 Մայիս առաւօտուն նախ հրաժեշտի այցելութիւն տուաւ Ն. Ա. Տ. Թորգոմ Ս. Պատրիարք Հօր եւշնորհակալութիւն յայտնեց իր հիւրընկալութեան համար։Ամենապատիւ Տ. Թորգոմ Ս. Պատրիարք Հայրն ալ իր կարգին «բարիճանապարհ» մաղթեց Նորին Ամենապատուութեան եւշնորհակալութիւն յայտնեց իր այցելութեան համար։

Նորին Ամենապատուութիւնը ապա այցելեց Սուրբ ՏեղեացԼուսարարապետ Գերշ. Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանը։Լուսարարապետ Սրբազանը իր ուրախութիւնը յայտնեց ՆորինԱմենապատուութեան, Սրբոց Վարդանանց Երգչախումբի եւպոլսահայ ուխտաւորներու այցելութեան համար եւ գաւազան մընուիրեց մեր Հոգեւոր Պետին։

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը ապա վանքի սեղանատան մէջ,կէսօրուան ճաշի ընթացքին մէկտեղուեցաւ Գերշ. Տ. Արիս Ս. Եպիսկ.Շիրվանեանի եւ Միաբանութեան անդամներուն հետ, որոնք մի առ մի§բարի ճանապարհ¦ մաղթեցին Նորին Ամենապատուութեան։

Իսկ Երուսաղէմէ մեկնելէ առաջ Երուսաղէմացի արուեստագէտ Կարօ Սանտրունի Նորին Ամենապատուութեան նուիրեց  խաչելութեան թեմայով պնակ մը։

37Պոլսահայ ուխտաւորները կէսօրէ առաջ այցելեցին Յոպպէի Ս.Նիկողայոս Վանքը առաջնորդութեամբ Հոգշ. Հայր Եղիշէ եւ Հոգշ. Հայր Զաքէոս աբեղաներու։ Իսկ յետ միջօրէի, անոնք շրջեցան Թէլ Ավիվքաղաքը։

Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 16.00ին իրգաւազանակիրը՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհն. Ուզունեանի եւՍուրբ Տեղեաց Լուսարարապետ՝ Գերշ. Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի ուղեկցութեամբ ժամանեցԹէլ Ավիվի Պէն Կուրիոն օդանաւակայանի պատուոյսրահը։ Նորին Ամենապատուութեան սաւառնակը ժամըմօտաւորապէս 18.00ին թռիչք առաւ Իսրայէլէն, եւ ժամը20.00-ին վայրէջք կատարեց Եշիլգիւղիօդանաւակայանը, ուր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դիմաւորելու համար պատուոյ սրահ կը գտնուէին Արժ.Տ. Եղիա Քհն. Քէրվանճեան, Պատրիարքարանի Երիտասարդաց խումբէն Արի Չոլաք, Հերմինէ եւ Տքթ.Գառին Տէրողորմեաճեան։