ԱԼԹԸՄԷՐՄԷՐԻ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

IMG_3702Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 20 Նոյեմբեր 2017, Երկուշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ տիկնանց կազմը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի։

Հայր Սուրբը, ծանօթացուց եկեղեցւոյ տիկնանց կազմը, որ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ Եկեղեցիէն ներս կը գործէ։ Այս առթիւ տեղեկութիւններ տրուեցաւ եկեղեցւոյ գործունէութեան մասին։ Եկեղեցւոյ ուխտի օրը Ուրբաթ է եւ այդ օր, հոգեւոր արարողութիւններ տեղի կ՚ունենան ու քարոզխօսութիւն կը կատարուի։ Մինչ այդ տարբեր առիթներով հոգեւոր զրոյցներ տեղի կ՚ունենան, եկեղեցւոյ երէցին հսկողութեամբ։ Այցելուներ, յայտնեցին, որ Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպէր 17 Դեկտեմբեր 2017, Կիրակի։ Անոնք, օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ Տեղապահ Սրբազան Հայրը հրաւիրեցին հանդիսութեանց։

Սրբազան Հայրը, ուրախութիւնը յայտնեց քաղաքավարական սոյն այցելութեան համար։ Մեծապէս գնահատեց եկեղեցւոյ տիկնանց կազմը, որ ստանձնած էր Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ պատասխանատուութիւնը։ Սրբազան Հայրը, օրհնեց եկեղեցիէն ներս տարուած աշխատութիւնը եւ այցելուներուն յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։