ԱԼԹԸՄԷՐՄԷՐԻ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

12239267_511769118982976_4454815859687439576_oԱլթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ տիկնանց կազմը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի, 23 Նոյեմբեր 2015, Երկուշաբթի, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները յայտնեցին, որ Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ մատաղօրհնութիւնը այս տարի կը զուգադիպէր 13 Դեկտեմբեր 2015, Կիրակի։ Անոնք, օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ արարողութեանց հրաւիրեցին Նորին Սրբազնութիւնը։ Տեղեկութիւն տուին եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։ Յայտնեցին թէ եկեղեցւոյ սրահը, անբաւարար ըլլալով փափաքած էին ընդարձակել զայն։ Այս ուղղութեամբ կատարուած շարք մը դիմումները ապարդիւն մնացած էին։

Արամ Արքեպս. յայտնեց թէ՝ նոյն օրը Պաքըրգիւղի Եկեղեցւոյ մատաղօրհնութեան կը զուգադիպի եւ ինք դժբախտաբար պիտի բացակայի Ալթըմէրմէրի մատաղօրհնութենէն։ Այս պատճառաւ, ներկայ պիտի ըլլայ 12 Դեկտեմբեր, Շաբաթ, Ս. Յակոբի Տօնին կատարելի արարողութեանց, իսկ Կիրակնօրեայ արարողութեանց եւ մատաղօրհնութեան պիտի հանդիսապետէ՝ եկեղեցւոյ երէց Հայր Սուրբը։ Խոստացաւ նաեւ հետաքրքրուիլ սրահի հետ առընչուած խնդիրներով։ Սրբազան Հայրը, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց եկեղեցւոյ տիկնանց կազմին, իրենց եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։