ԱՂԹԱՄԱՐԻ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ

Kategori: Կարճ լուրեր,Միջեկեղեցական

AhtamarԱյս Կիրակի, 7 Սեպտեմբեր 2014, անգամ մը եւս Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Ս. Սեղանին վրայ պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ։ Ուխտաւորներ այժմէն հոգեւոր եռանդով կը պատրաստուին մասնակցիլ եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութեան։

Այս տարի եւս արարողութեանց կը հանդիսապետէ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ  Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, իր շուրջ ունենալով Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան, Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան եւ Արժ. Շիրվան  Քհնյ. Միւրզեան։ Այս տարուայ ուխտագնացութեան իր բարձր ներկայութիւնը կը բերէ Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը իր հետեւորդներով։ Ս. Պատարագին կը մասնակցին նաեւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի առաջնորդ Բարձր. Տ. Խաժակ Ս. Արքեպս. Պարսամեան, Ասորի Ուղղափառաց Պատրիարքական Փոխանորդ Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին Մետրոպոլիտը, Գերման Կաթոլիկ Եկեղեցիէն Հայր Նիքոլաուս Ուիրվոլ Վարդապետը։

Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Ս. Պատարագի Երգեցողութիւնները պիտի կատարուին Պէյօղլու Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներուն կողմէ, ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը, Շաբաթ օր քաղաքավարական այցելութիւն պիտի տայ Վանի Կուսակալ Այտըն Նէզիհ Տօղանի։

Սրբազան Հայրը 8 Սեպտեմբեր 2014, Երկուշաբթի օդային ճամբով պիտի վերադառնայ քաղաքս։