ԱՂՔԱՏԱԽՆԱՄ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ ՇԵՇՏՈՒԵՑԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային

Ինչպէս ծանօթ է, աղքատախնամ առաքելութիւնը մասնաւորապէս վերջին շրջաններուն Պատրիարքական Աթոռոյ յատուկ ուշադրութեան առարկայ եղած է։ Առաքելութեան մասին քննարկումներ կատարելու եւ առաքելութիւնը առաւել եւս ընդարձակելու նպատակաւ, 26 Օգոստոս 2020, Չորեքշաբթի, ժամը 16.00-ին, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախահագութեամբ խորհդակցական ժողով մը տեղի ունեցաւ։ Ժողովին մասնակցեցան Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Պատրիարքական Աթոռոյս Կեդրոնական Ընկերային Օժանդակութեան Մարմնի վարիչ՝ Խաչիկ Ճանէլ, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներու աղքատախնամ մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ աղքատախնամ առաքելութեան օժանդակ կամաւոր երիտասարդներ։

Ժողովը սկսաւ Նորին Ամենապատուութեան բացման աղօթքով ու բարեմաղթութիւններով։ Մեր Հոգեւոր Պետը ողջունեց ներկաները ու շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց տարած համայնքանուէր աշխատութեան համար։ Վերջերս Քորոնա Համավարակի շրջանին առաւել եւս շատցած մարդասիրական օժանդակութեան կարեւորութիւնը յիշեցնելով, գովեց բոլոր այն կամաւորները, որոնք նուիրեալ աշխատութեամբ օժանդակութիւն հասցուցած էին կարիքաւորներուն։ Նորին Ամենապատուութիւնը, անգամ մը եւս յիշեցուց թէ՝ Պատրիարքական Աթոռը մօտէն կը հետաքրքրուի եւ պիտի հետաքրքրուի կարօտ ընտանիքներու կարիքներուն հետ։

AGHKADAKHNAM KAPAK

Նորին Ամենապատուութեան ողջոյնի ուղերձէն յետոյ խօսք առաւ Խաչիկ Ճանէլ եւ ընդարձակօրէն զեկուցեց նախապէս տարուած աշխատութեանց մասին տեղեկութիւններ։ Յիշեցուց թէ՝ Քորոնա Համավարակի շրջանին, աղքատախնամ առաքելութիւնը Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութեամբ նման մարմնի մը հաստատումը անհրաժեշտ նկատուած էր։ Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ եւ տնօրինութեամբ Աթոռոյ հովանիին ներքեւ աշխատանք մը վարելու պաշտօնը իրեն յանձնուած էր։ Սոյն մարմնի նպատակն էր, Եկեղեցիներու Աղքատախնամ Մարմիններու հետ համագործակցաբար աշխատիլ եւ կամաւորներու մասնակցութեամբ օժանդակել կարօտ ընտանիքներուն։ Այս շրջանին, աղքատախնամ մարմին չունեցող թաղային խորհուրդներ եւս նիւթապէս օժանդակած էին աշխատութեանց։ Խաչիկ Ճանէլ, այս առիթով նախապէս կատարուած նուիրատուութեանց, ծախսերու եւ օժանդակութեանց մասին հաշուետուութիւն մը ներկայացուց։ Ծանօթացուց նաեւ ներկայ երիտասարդները, որոնք այս շրջանին մեծապէս նպաստած էին առաքելութեան յաջողութեան։ Ինք աշխատութիւնը յաջողութեամբ պսակուած կ՚որակէր, քանի հարիւրաւոր ընտանիքներու օժանդակութիւն հասած էր Պատրիարքական Աթոռոյ ճամբով։ Առաքելութեան գլխաւոր սկզբունքն էր, հասնիլ կարօտին եւ արդար ձեւով գոհացում տալ իր առաջնահերթ կարիքներուն։ Յայտնեց նաեւ թէ՝ անցեալ ամիսներուն թափ ստացած աշխատութիւնը տակաւին պէտք է շարունակուեր եւ այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան, որ Պատրիարքարանի մէջ նման հանդիպման մը առիթ ընծայած էր։

Զեկուցումէն յետոյ, ներկաներ ներկայացուցին իրենց փորձառութիւնները եւ յատկապէս համավարակի շրջանին իրենց կատարած աշխատութեանց մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին։ Քորոնա Համավարակի շրջանը, առիթ եղած էր որ եկեղեցիներու աղքատախնամ մարմինները առաւել եւս գործօն դառնան։ Այս ուղղութեամբ շեշտուեցաւ աղքատախնամ մարմիններու, իրենց հովանաւոր եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու եւ եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւներու միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։

AGHKADAKHNAM 2

Ժողովի աւարտին Պատրիարք Հայրը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ ներկաներուն։ Յայտնեց թէ կարիքաւորներու օգնելը Ս. Գրային հիմքերու վրայ հաստատուած է եւ Աստուածաճոյ առաքելութիւն մըն է։ Յիշեցուց թէ՝ եկեղեցիներու հոգեւոր եւ կրթական առաքելութեան առընթեր, այս մէկը եւս կարեւոր տեղ կը գրաւէր։ Պատրիարք Հայրը, այս առումով անգամ մը եւս շեշտեց որ բարեգործական առաքելութիւնը եւս պէտք է վարչութեանց օրակարգին մէջ գտնուի եւ այս ուղղութեամբ պէտք է նիւթապէս օժանդակել։ Թելադրեց որ եկեղեցիներէ ներս աղքատախնամ մարմիններուն իրաւասութեան սահմանները ճշդուին։ Նորին Ամենապատուութիւնը, ուրախութիւնը յայտնեց նաեւ տեսնելով երիտասարդներու գործօն ներկայութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, որոնց ներկայութեամբ աշխատութիւնը օժտուած էր նաեւ երիտասարդական ուժով։ Մեր Հոգեւոր Պետը, հուսկ, մաղթեց որ յատկապէս Քորոնա Համավարակի պատճառ դարձած նիւթական եւ բարոյական դժուարութիւները ժամ առաջ հեռանան մեր կեանքէն։ Ժողովը իր աւարտին հասաւ, վերջին աղօթքով։