ԱՂՕԹՔ ՎԱՍՆ ԱՆՍԱՍԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՐԻՆ ՄԵՐՈՅ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձ. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի տնօրինութեամբ, Թուրքիոյ մէջ պատահած վերջին իրադարձութիւններուն առթիւ, 17 Յուլիս 2016, Կիրակի օր մեր եկեղեցիներուն մէջ յատուկ աղօթք պիտի կատարուի Թուրքիոյ Հանրապետական Պետութեան անսասանութեան համար։

Նորին Սրբազնութիւնը այսու կը հրաւիրէ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը աղօթակցիլ հոգեւոր դասուն եւ բոլորով սրտիւ աղօթք առաքել առ Աստուած, խնդրելով անդորրութիւն, խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն յամենայնի։

Տէր Աստուած ամենաբաւական ողորմութեամբ եւ գթութեամբը ընդունի մեր բոլորին աղօթքները, անփորձ, հզօր եւ բարգաւաճ պահէ մեր հանրապետութիւնը եւ կարողութիւն եւ յաջողութիւն պարգեւէ պետական աւագանիին, որպէսզի ժողովուրդը վայելէ անդորրութեան եւ բարօրութեան պտուղները։

Լսենք Ս. Գրական պատգամին. «Արդ, ամէն բանէ առաջ կը խնդրեմ որ աղօթէք, խնդրանք, պաղատանք եւ գոհութիւն մատուցանէք բոլոր մարդոց համար, մանաւանդ թագաւորներուն եւ իշխանութեան գլուխ գտնուող բոլոր մարդոց համար, որպէսզի խաղաղ ու հանդարտ կեանք մը վարենք, կատարեալ Աստուածպաշտութեամբ եւ պարկեշտութեամբ. Որովհետեւ այդ է բարին եւ այդ կը փափաքի Աստուած մեր Փրկիչը» (Ա. Տիմոթէոս 2.1-4)։

Տիրոջ շնորհքն ու ողորմութիւնը մեր բոլորին վրայ ըլլայ. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն։