ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳ ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

toplu resim neteՊատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութեամբ ամէն տարի 3 Յունուարին կազմակերպուող Ամանորի եւ Ս. Ծննդան աւանդական համերգը այս տարի տեղի ունեցաւ Սկիւտարի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ մասնակցութեամբ Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս Երգչախումբի եւ Արամեան-Ունճեան Վարժարանի Երգչախումբի։ Դպրաց Դասու նախագահին եւ Տնօրէն Խորհուրդի առաջարկով, սոյն համերգը ձօնուեցաւ «Հայ Հոգեւորականութեան»։

IMG_0359

IMG_0362Համերգը սկսաւ ժամը 20.00ին, հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի։ Ներկայ էին նաեւ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Հոգշ. Տ. Զատիկ Աբղ. Պապիկեան եւ քահանայ հայրեր։

IMG_0365Համերգի բացման խօսքը արտասանեց դպրաց դասու նախագահ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ յետոյ յիշեցուց թէ հանդէսը ձօնուած էր հայ հոգեւորականութեան։ Երգերու ընդմէջէն Ամանորեան եւ Ս. Ծննդեան ցնծութեամբ պիտի յիշուէին մեր հոգեւորականները, որոնք իրենց կոչումին գիտակցութեամբ հովուած էին ժողովուրդը ամենայն պատրաստակամութեամբ։

Cocuklar toplu neteՀամերգի առաջին բաժնին բեմ բարձրացաւ «Արամեան Ունճեան Վարժարանի Երգչախումբ»ը, ղեկավարութեամբ՝ վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի Գարին Քիւչիւքօղլուի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Արտէն Գարիպեանի։ Անոնք ներկայացուցին հետեւեալ երգերը. Ծափ զարկ աշխարհ, Կաքաւի Երգը, Մանկութիւն, Լուռ Գիշեր, Vois Sur Ton Chemin, Ազգ Փառապանծ, Հայ Երգ։

IMG_0023

IMG_0383

Արթիւր Պաղտասարեան

IMG_0402

Պարոյր Գույումճեան

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

IMG_0394Մանուկներու խանդավառ երաժշտութեան աւարտին բեմ բարձրացաւ «Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս Երգչախումբ»ը, ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ դարձեալ Արտէն Գարիպեանի։ Համերգը սկսաւ Ս. Ծննդեան շարական՝ «Խորհուրդ Մեծ»ով, որուն յաջորդեց «Խաչը» անուն հոգեշունչ երգը։ Ապա, Արթիւր Պաղտասարեան մեներգեց «Բարի Առաքիլ»ը։ Յետագայ երկու երգերը, ներկայացուեցան գեղեցիկ անակնկալներով, որոնք խորապէս տպաւորեցին ունկնդիրները։ Նախ երգուեցաւ «Եկեղեցին Հայկական» երգը, որուն ընթացքին նոյն բանաստեղծութիւնը արտասանեց, Արամեան Ունճեան Վարժարանի Հայերէնի Ուսուցչուհի Թամար Մանկասարեան։ Իսկ, երկրորդ երգը եղաւ, «Տլէ Եաման»ը, որուն տուտուկով ընկերացաւ Սիրուն Սիրունեան։ Այս երգերու յաջորդեցին, «Panis Angelicus (Cesar Franck)»ը (մեներգ՝ Պարոյր Գույումճեան), «Հայրենի Կարօտ»ը, «Կռունկ»ը, «Սարերի Հովին Մեռնեմ»ը (մեներգ՝ Արթիւր Պաղտասարեան), «Սանդի Երգ»ը, Ս. Ծննդեան Տաղ՝ «Այսօր Տօն Է Ս. Ծննդեան»ը եւ «Գովեա Երուսաղէմ»ը։

Հուսկ բանքը արտասանեց Սահակ Սրբազան Հայրը, գնահատեց տարուած աշխատանքը եւ ըսաւ. «Աւանդական այս համերգը Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի միջեւ կը կատարուի տարիներով տարբեր եկեղեցիներու մէջ, տարբեր երգչախումբերու կողմէ եւ տարբեր թէմաներով։ Այս տարուայ համերգը ձօնուած է հայ հոգեւորականութեան։ Դարեր շարունակ մեր գոյութիւնը պահեցինք շնորհիւ Հայ Եկեղեցւոյ։ Հայ Հոգեւորականը այս կառուցուածքին ողնայարն է։ Եկէ՛ք մեր առաջին շնորհաւորանքը ըլլայ մեր հոգեւորականաց դասուն։ Աստուած իրենց ուժը աւելցնէ եւ իմաստութիւն ներշնչէ։

IMG_0413Համերգը սկսաւ Արամեան Ունճեան Վարժարանի աշարկերտներու կատարած երաժշտութեամբ։ Հաճոյքը երաժշտութեան անբաժանելի մէկ մասն է։ Ինչպէս նկատեցիք այդ մանուկները հաճոյք կ՚առնէին իրենց երգածներէն։ Պահ մը յիշեցի Մեսրոպ Պատրիարքը, որ Գնալը Կղզիի հովուութեան շրջանին մանուկներու երգել կը սորուեցնէր։ Միշտ կը հարցնէր. Հաճոյք առի՞ք, կը սիրէ՞ք։ Այո, կ՚ըսէին մանուները։ Յետոյ կը հարցնէր Չինացին, Անգլիացին, Արապը  կրնա՞յ երգել այս։ Մանուկները կ՚ըսէին. Ո՛չ։ Ուրեմն այդ բոլորը զրկուած են Հայ երաժշտութենէ։ Սիրելի տղաք միշտ այպէս սիրեցէք ձեր երաժշտութիւնը։ Կը շնորհաւորեմ մանկանց խումբի վարիչ Օր. Գարին Քիւչիւքօղլուն, որ յայտնի է թէ լաւ գործ մը կատարած է։ Գալով,Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս Երգչախումբին։ Ան, այսօր մեզի տարբեր երգեր հրամցուց։ Անդամները իրենց խանդավարութիւնը փոխանցեցին մեզի եւ մենք վերացանք։ Կը շնորհաւորեմ վարիչ Պր. Սեւան Շէնճանը։ Գիտենք նաեւ թէ այս բոլորը կը կատարուին եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ։ Ուրեմն կը շնորհեւորեմ նաեւ եկեղեցւոյ երէց Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը։

Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ»։

Համերգը իր աւարտին հասաւ միաբերան երգուած «Հայր Մեր»ով։