ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՄԱՆԿԱՆՑ ԽՐԱԽՃԱՆՔ ԳՈՒՄԳԱԲԸԻ ՄԷՋ

Kategori: Համայնքային

Cocuklar eglenceՄանկանց աւանդական Ամանորեան խրախճանքն ու Կաղանդ Պապուկի այցելութիւնը այս տարի տեղի ունեցաւ 2 Յունուար 2015, Ուրբաթ, ժամը 15.00-ին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ։

Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութեամբ կազմակերպուած սոյն հանդիսութեան ներկայ եղան Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեան, Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

DSC02374DSC02474Մանկանց խրախճանքին մասնակցեցան աւելի քան 350 հոգի՝ աշակերտներ, ուսուցիչներ ու ծնողները։ Հանդիսավարութիւնը կատարեց Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վարդապետը։ Մօտ մէկ ու կէս ժամուան ընթացքին աշակերտներ հանդէս եկան պարերով, արտասանութիւններով եւ երաժշտութեամբ։

Ներկայացումներէ յետոյ Հայր Սուրբը գնահատական խօսք մը ուղղեց մանուկներուն եւ իրենց ուսուցիչներուն, որոնք տարի մը եւս լաւապէս պատրաստւած էին Ամանորեան խրախճանքին։ Ապա, ներկաներ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ միասնաբար աղօթեցին։ Հետաքրքրական էր մանուկներու ուրախութեամբ քաջարի մասնակցութիւնը աղօթասացութեան։

DSC02440DSC02446Ապա, մանուկներու միասնաբար երգած «Շնորհաւոր Նոր Տարի, Սրբազան Հայրիկ» երգի ընկերակցութեամբ եւ ծափահարանքներու ներքեւ սրահ մուտք գործեց Կաղանդ Պապուկը։
Ան, թելադրութիւններ ըրաւ մանուկներուն, հրաւիրեց զանոնք ըլլալու հաւատարիմ ու հնազանդ զաւակները իրենց Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին։

Cocuklar eglence-5Աւելի վերջ, Վարժարաններու ներկայացուցիչ աշակերտներ մի առ մի մօտեցան Կաղանդ Պապուկի եւ Ամանորի նուէրներ տուին։ Հանդիսութեան աւարտին Կաղանդ Պապուկը նուէրներ բաշխեց բոլոր մանուկներուն, որոնք մի առ մի մօտեցան եւ աջահամբոյրով ստացան տուրմ եւ անուշեղէններով լեցուն տոպրակները։

DSC02473

  • DSC02377
  • DSC02387
  • DSC02388
  • DSC02397
  • DSC02404
  • DSC02407
  • DSC02418
  • DSC02427
  • DSC02432
  • DSC02416
  • DSC02457
  • DSC02448
  • DSC02470
  • DSC02481