ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՌԹԻՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի, 20 Դեկտեմբեր 2014, Շաբաթ գիշեր, մասնակցեցաւ «Վէրա Եըլտըզ Փարք»ի մէջ կայացած երիտասարդական խրախճանքին, որ կազմակերպուած էր Լոյս Երկշաբաթաթերթի նախաձեռնութեամբ։ Նորին Սրբազնութիւնը, մօտալուտ Ամանորի առթիւ շնորհաւորեց երիտասարդները եւ իրենց մաղթեց բարեբեր տարի մը։