ԱՄԱՆՈՐԻ ՈՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ Ս. ԵՐԿԻՐ

Kategori: Եկեղեցական

Այս տարի եւս հին տոմարի համաձայն Ամանորն ու Ս. Ծնունդը տօնելու համար Պոլսահայ ուխտաւորներ այցելեցին Ս. Երկիր։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ ուխտաւորներու խումբը գլխաւորեց Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ուխտաւորաց խումբին մաս կազմեց նաեւ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան։

Ուխտաւորներ 13 Յունուար 2015, Երեքշաբթի առաւօտ մեկնելով Ստանպուլէն հասան Թէլ Աւիւ եւ ուղղուեցան Եաֆայի (Յոպպէ) Հայոց Վանքը, ուր դիմաւորուեցան Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Տիրան Աբղ. Յակոբեանի կողմէ։ Ուխտաւորներ այցելեցին նաեւ Վանքի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցին։

teoՀին տոմարով տեղի ունեցող տարեմուտին համաձայն, Ստանպուլահայ ուխտաւորներ, նոյն երեկոյեան մասնակցեցան Ժառանգաւորաց Վարժարանի ամավերջի հանդէսին։ Անոնք, մասնակցեցան նաեւ կէս գիշերուան «Փառք ի բարձունս»ի արարողութեան։ Այստեղ Ամանորեան պատգամը փոխանցեց Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Սեւան Ս. Արքեպս. Ղարիպեան։ Արտասանած «Պահպանիչ» աղօթքով վերջ գտան Ամանորեան հանդիսութիւնները։

Նոր Տարուան առաջին Ս. Պատարագին ներկայ Ստանպուլահայ ուխտաւորներ Ն.Ա.Տ. Նուրհան Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ ստացան իրենց նարինջները ու մեկնեցան դէպի Հայֆա քաղաքը։ Այստեղ այցելեցին Կարմեղոս Լերան ստորոտը գտնուող Եղիա Մարգարէի քարայրը։ Իսկ Նազարէթ քաղաքի մէջ՝ Աւետման Ս. Տաճարն ու Կանա գիւղի հարսանիքի եկեղեցին։

Յաջորդող օրերուն ուխտաւորներ ունեցան հոգեւոր ու յուզումնալից ապրումներ, այցելելով Ս. Գրային վայրեր՝ Կափառնայում, Երանեաց Լեռ, Յորդանան Գետ, Թափօր Լեռ, Փորձութեան Լեռ, Ս. Յարութեան Տաճար եւ հրաշագործութեանց այլ վայրեր։ Իւրաքանչիւր տեղւոյն մասին ստացան մանրամասն տեղեկութիւններ ու կատարեցին իրենց ուխտի աղօթքները։

Իսկ, 18 Յունուար, Կիրակի ամբողջ օրը յատկացուցին Բեթղեհէմի արարողութիւններուն։ Անոնք նախ այցելեցին Հովիւներու Դաշտը եւ յետոյ դիմաւորեցին Երուսաղէմէն Բեթղեհէմ ժամանող աւանդական յամրաքայլ թափօրը։ Սոյն թափօրով մուտք գործեցին Հայոց Վանք եւ ներկայ գտնուեցան բարի գալստեան ընդունելութեան։

cirakaluytssihnorkmihranՅետ միջօրէին կատարուեցաւ ճրագալոյցի արարողութիւներն ու մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Գերպ. Տ. Վազգէն Ծ. Վրդ. Գարաեանի։ Ս. Ծննդեան պաշտօնական ընդունելութենէն ետք ուխտաւորներ յուզումնալից ապրումներով աղօթեցին նաեւ կէս գիշերուան «Փառք ի բարձունս»ի արարողութեան ընթացքին, որուն այս տարի եւս մասնակցեցան Պաղեստինեան իշխանութիւններորուն այս տարի եւս մասնակցեցան Պաղեստինեան իշխանութիւններ, գլխաւորութեամբ Նախագահ Մահմուտ Ապպասի։ Ապա մատուցուեցաւ Ս. Ծննդեան Պատարագը ձեռամբ՝ Հոգշ. Տ. Աւետիս Վրդ. Իփրաճեանի։ Ս. Պատարագի յաջորդեց Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութիւնը հանդիսապետութեամբ Արժանթինի Հայոց Թէմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գիսակ Ս.Արք. Մուրատեանի եւ կնքահայրութեամբ Պոլսահայ ուխտաւոր Միհրան Սաթըլմըշի։

Ս. Յակոբեանց Տաճարին մէջ 20 Յունուար, Երեքշաբթի մատուցուած ուխտաւորաց Ս. Պատարագէն ու հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք ուխտաւորներ մեկնեցան օդակայան, բաժնուեցան Ս. Երկրէն եւ հասան Ստանպուլ։