ԱՄԱՆՈՐԻ ՈՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ Ս. ԵՐԿԻՐ

Kategori: Եկեղեցական

dzununtԱյս տարի եւս հին տոմարի համաձայն Ամանորն ու Ս. Ծնունդը տօնելու համար Պոլսահայ ուխտաւորներ այցելեցին Ս. Երկիր։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ ուխտաւորներու խումբը գլխաւորեց Աթոռոյս միաբան՝ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։

Ուխտագնացութիւնը սկսաւ 13 Յունուար Երկուշաբթի օր, որուն առաջին հանգրուանին Պոլսեցի ուխտաւորներ այցելեցին Եաֆայի Ս. Նիկողայոս Հայոց Վանքը։ Վանահայր Հոգշ. Տ. Աւետիս Վրդ. Իփրաճեան ուխաւորներուն փոխանցեց պատմական տեղեկութիւններ ու ներկաները օրհնեց «Պահպանիչ» աղօթքով։ Ուխտաւորները ապա հասան Ս. Քաղաք՝ Երուսաղէմ։ Նոյն օրը ժամը 19.00-ին Ժառանգաւորացի սաները սարքեցին Ամանորի հանդէս, որուն նախագահեց Երուսաղէմի Ն.Ա.Տ. Նուրհան Սրբազան Պատրիարք Հայրը։ Սրահը լեցուած էր զինուորեալ ողջ միաբանութեամբ, հիւր ուխտաւորներով ու Սաղիմահայ ժողովուրդով։ Իսկ կէսգիշերին Ս. Յակոբեանց Մայրավանքի պարտէզին մէջ միասնաբար երգուեցաւ «Փառք ի բարձունս»ը եւ ուրախութեամբ դիմաւորուեցաւ Նոր Տարին։ Այս առթիւ Հոգշ. Տ. Տիրան Աբղ. Յակոբեան, յանուն Երուսաղէմի Առաքելական Սուրբ Աթոռի, շնորհաւորեց բոլոր հայ հաւատացեալներու ու Սաղիմահայոց Ամանորը։

14 Յունուար Երեքշաբթի առաւօտ ժամը 09.00-ին Ս. Յակոբեանց Մայր Տաճարին մէջ կատարուած արարողութեանց հանդիսապետեց Ն.Ա.Տ. Նուրհան Ս. Պատրիարք Հայրը։ Ամանորի Ս. Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց միաբաններէն՝ Գերպ. Տ. Գեղամ Ծ. Վրդ. Զաքարեան։ Ապա Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ բոլոր հոգեւորականներն եւ հաւատացեալները ստացան Պատրիարք Հօր օրհնութիւնները եւ աւանդական նարինջները։

Նոյն օրը Պոլսահայ ուխտաւորները ուղղուեցան դէպի Թիպէրիաս։ Մինչեւ Հինգշաբթի երեկոյեան, Պոլսահայ ուխտաւորները Գալիլիոյ շրջանի գրեթէ բոլոր սրբավայրերը այցելեցին ապրելով ջերմեռանդութիւն ու հոգեկան սփոփանք։ Ի մասնաւորի Երանեաց Լերան վանքի, Թապղայի, Մենսա Քրիստիի, Կափառնայումի, Թափոր Լերան, Նազարէթի ու Կանայի մէջ անգամ մը եւս հայ ուխտաւորներ աղօթեցին ու միասնաբար երգեցին զանազան շարականներ։ Յորդանան Գետի ափին բոլոր ուխտաւորները վերանորոգեցին իրենց Ս. Մկրտութեան ուխտը երբ Հայր Զաքէոս օրհնեալ ջուրը կը սրսկէր բոլորին վրայ։ Ուխտաւորաց խումբը երբ դէպի Երուսաղէմ կը ճամբորդէր, առիթը ունեցաւ այցելելու Փորձութեան Լեռն ու Զաքէոս Մաքսաւորի մագլցած ծառը։ Իսկ վերադարձի ճամբուն՝ ուխտաւորները Հայֆայի Ս. Եղիա Մարգարէի տան վրայ կառուցուած եկեղեցին մէկտեղուեցան եւ Հայր Սուրբէն որոշ տեղեկութիւններ ստացան։

16 Յունուար Հինգշաբթի, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան Ս.Երկիր ժամանեց։ Նոյն օր, ուշ երեկոյեան, ուխտաւորները եւս հասան Ս. Երուսաղէմ։ Նորին Սրբազնութիւնը կը գլխաւորէր Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի շուրջ 80 հոգինոց երկսեռ կազմը, որոնց կÿընկերանային նաեւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Եսայի Տէմիր եւ թաղային խորհուրդի անդամները, Սահակեան Լիսէի Տնօրէնուհի՝ Թալին Մաթօսօղլուն, բազմաթիւ Սամաթիացիներ եւ այլ ուխտաւորներ։ Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբը Ս. Երկիր ժամանած էր, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ն.Ա.Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի հրաւէրով, Ս. Ծննդեան երգեցողութիւնները կատարելու եւ Ժառանգաւորաց Վարժարանի մէջ տօնական յատուկ համերգ մը սարքելու համար։ Պատրիարք Հօր բարձր տնօրինութեամբ ու կարգադրութեամբ երգչախումբի անդամները իջեւանեցան Բեթղեհէմի «Արարատ» հիւրանոցին մէջ։ Այս տարի Ամանորի ու Ս. Ծնունդի առթիւ Ս. Երկիր ժամանող Պոլսահայ ուխտաւորաց թիւը այսպէս հասաւ 125 ի։

17 Յունուար Ուրբաթ առաւօտ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ, բոլոր Պոլսահայ ուխտաւորները նախ այցելեցին Բեթհեզդան եւ Ս. Աննա Եկեղեցին ապա միասին քալեցին Յիսուս Քրիստոսի «Խաչի Ճանապարհը» որ ունի 14 կայաններ՝ Պիղատոսի պալատէն դէպի Ս. Յարութեան Տաճարը։ Արամ Սրբազան ուխտաւորներուն փոխանցեց պատմական ու Ս. Գրային կարեւոր գիտելիքներ։ Իսկ ժամը 16.30-ին Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ Պոլսահայ ուխտաւորները պաշտօնապէս ընդունուեցան Ս. Երուսաղէմի Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան շնորհաւորեց Նորին Ամենապատուութեան ամանորը եւ խօսեցաւ երկու Աթոռներու միջեւ գոյացած պատմական ու հոգեւոր եղբայրութեան ու տիրող համագործակցութեան մասին։ Անդրադարձաւ Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախուբի անցեալին ու ներկայի օրինակելի ծառայութեան եւ Նորին Ամենապատուութեան մաղթեց արեւշատութիւն, առողջութիւն եւ արգասաբեր երկա՜ր ծառայութիւն։  Նորին Ամենապատուութիւնը բարի գալուստ մաղթեց Բարձրաշնորհ Սրբազան Հօր ու Պոլսահայ ուխտաւորներուն՝ մեծապէս գնահատելով անոնց նուիրումը ու եկեղեցանուէր բոլոր ծառայութիւնները։ Ապա ներկաները ստացան Պատրիարք Հօր օրհնութիւնները։ Ժամը 17.30-ին Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբը Սաղիմահայութեան տուաւ ամանորեան համերգ, ի ներկայութեան Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեանի եւ Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարի Լուսարարապետ՝ Գերշ. Տ. Սեւան Ս. Արք. Ղարիպեանի, Ս. Յակոբեանց ողջ միաբանութեան անդամներուն, ուխտաւորներու եւ Ս. Քաղաքի հայ բնակիչներու։ Սոյն համերգի աւարտին Լուսարարապետ Սրբազան Հայրը մեծապէս գնահատեց Սահակեանցիները եւ ի մասնաւորի շնորհաւորեց Պոլսահայ հաւատացեալներու ջերմեռանդութիւնն ու աւանդապահութիւնը։ Սրբազան Հայրը այս առիթով մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեանին։ Նոյն երեկոյեան ի պատիւ Սահակեան Երգչախումբին Ն.Ա.Տ. Նուրհան Ս. Պատրիարքի հիւրընկալութեամբ ժառանգաւորացի սեղանատան մէջ սարքուեցաւ պաշտօնական ընթրիք։

dzununt 2

dzununt 6dzununt 518 Յունուար Շաբաթ առաւօտ կանուխէն բոլոր Պոլսահայ ուխտաւորները ուղղուեցան դէպի մանուկ Յիսուսի ծննդեան վայրը՝ Բեթղեհէմ եւ այցելեցին հովիւներու դաշտն ու հրեշտակներուն վայրը։ Անոնք վերջապէս հասան Հայոց վանքը, ուր դիմաւորուեցան Վանահայր՝ Հոգշ. Տ. Խադ Վրդ. Ճունտուրեանի կողմէ։ Հեռաւոր Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսաստանէն, Հայաստանէն, Երուսաղէմէն ու Պոլիսէն ժամանած հայ ուխտաւորներ միացան Բեթղեհէմի Հայոց Վանքին մէջ։ Իսկ կէսօրուայ ժամերուն մեծ թափօրով Բեթղեհէմ մուտք գործեց Ն.Ա.Տ. Նուրհան Ս. Պատրիարքը, որուն կþընկերանային Պոլսոյ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան, Ս. Յակոբեանց Մայր Տաճարի Լուսարարապետ՝ Գերշ. Տ. Սեւան Ս. Արք. Ղարիպեան, Ամերիկայի Արեւմտեան Թէմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Ս. Արք. Պարսամեան, Պրազիլի Հայոց Թէմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Տաթեւ Ս.Արք. Ղարիպեան, Արժանթինի Հայոց Թէմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գիսակ Ս.Արք. Մուրատեան, Գերշ. Տ. Արիս Ս. Արք. Շիրվանեան, Գերշ. Տ. Վիգէն Ս.Արք. Այքազեան եւ Ս. Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութիւնը։ Բոլոր հոգեւորականներն ու հաւատացեալները միասնաբար այցելեցին Հայոց Ս. Ծննդեան տաճարը եւ Յիսուս Փրկչին ծնած վայրը։ Իսկ նոյն օրը ժամը 16.00-ին օրուայ ճաշու ընթերցումներէ յետոյ սկսաւ «Ճրագալոյց»ի Ս. Պատարագը, որուն նախագահեց Ն.Ա.Տ. Նուրհան Սրբազան Պատրիարքը։ Սուրբ Պատարագը մատոյց եւ Յիսուս մանուկի Ս. Ծննդեան աւետիսով քարոզեց՝ Գերպ. Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ ղեկավարութեամբ՝ Սեւան Ակօշեանի։ Սուրբ Մսուրին վրայ մատուցուած հանդիսաւոր Ս. Պատարագին սպասարկեցին Բրշ. Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ, Բրշ. Ալեն Տիրան Սրկ. Ներկիզեան ու Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ բոլոր ուրարակիր դպիրները։ Յաւարտ Ս. Պատարագի սարքուած աւանդական ընդունելութեան ներկայ եղան Պաղեստինեան իշխանութիւնները, բազմաթիւ ազգային գործիչներ, բարերարներ, հոգեւորականներ, Սահակեանցիներ, բազմաթիւ ուխտաւորներ ու պաշտօնական այլ անձինք։ Այստեղ յաջորդաբար ելոյթներ ունեցան Պաղեստինի Վարչապետն ու Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքը։ Նոյն կէսգիշերին Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքը մսուրին մէջ տուաւ Ս. Ծննդեան պատգամը եւ բոլոր հայ հաւատացեալները զիրար անգամ մը եւս ողջունեցին ըսելով. «Քրիստոս Ծնաւ Եւ Յայտնեցաւ։ Օրհնեալ Է Յայտնութիւնն Քրիստոսի»։

19 Յունուար Կիրակի առաւօտ, Պոլիսէն ժամանած բոլոր ուխտաւորները ամբողջութեամբ Հայր Զաքէոսի ընկերակցութեամբ յաջորդաբար այցելեցին Համբարձման Վայրը ու Հայոց Սուրբ Սեղանը, «Հայր Մեր»ի եկեղեցին, Ձիթենեաց Լեռան «Տոմինուս Ֆլէվիթ»ը, Գեթսեմանիի Պարտէզը, Աստուածամօր Սուրբ Գերեզմանը ու Ննջման եկեղեցին, Վերնատունն ու Դաւիթ Մարգարէի շիրիմը եւ վերջապէս Ս. Պետրոս Առաքեալի «Ագաղաղը Կանչեց» եկեղեցին։ Ուխտաւորներուն մէկ մասը այցելեցին նաեւ Ս. Ղազարոսի եկեղեցին ու Մեռեալ Ծովը։ Նոյն երեկոյեան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս.Արք. Աթէշեան, Սամաթիացի Թաղականներ ու խումբ մը Պոլսահայ հաւատացեալներ աւարտելով սոյն ուխտագնացութիւնը վերադարձան Ստանպուլ։

20 Յունուար Երեքշաբթի առաւօտ դեռ Երուսաղէմ մնացած Պոլսահայ ուխտաւորները առաջնորդութեամբ Հայր Զաքէոսի մասնակցեցան Ս. Յակոբեանց Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած «Մեռելոցի» Պատարագին։ Սուրբ Պատարագը մատոյց Սրբոց Յակոբեանց Մայրավանքի Աւագ Թարգման՝ Հոգշ. Տ. Համբարձում Վրդ. Քէշիշեան։ Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնները անգամ մը եւս կատարուեցան Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ ղեկավարութեամբ՝ Սեւան Ակօշեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ, Բրշ. Ալեն Տիրան Սրկ. Ներկիզեան ու Սամաթիոյ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ բոլոր ուխտաւոր դպիրները։ Բոլոր հաւատացեալները Ս. Հաղորդութիւն ստացան։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագի կատարուեցաւ «Հոգեհանգստեան» պաշտօն նախագահութեամբ՝ Երուսաղէմի Ն.Ա.Տ. Նուրհան Պատրիարք Հօր։ Արարողութիւններէն յետոյ Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի բոլոր անդամները Նորին Ամենապատուութեան հետ ունեցան կարճ հանդիպում մը, որու ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան շնորհակալութիւն յայտնեցին սոյն ուխտագնացութեան բոլոր կարգադրութիւններուն ու Սահակեան Երգչախումբին նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար։

dzununt 4

dzununt 3

Նոյն օրը երեկոյեան ժամերուն Հայր Սուրբն ու բոլոր Պոլսեցի ուխտաւորները երկու տարբեր թռիչքներով Ստանպուլ վերադարձան։